Մարսէյի քաղաքապետ Ժան-Քլոտ Կոտենի եւ ֆրանսիացի պատգամաւոր Վալերի Պուայէի հովանաւորութեամբ, Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչը ծառատունկ կազմակերպեց Մարսէյի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշաքարին մօտ:
Յուշաքարին մօտ կայացած ձեռնարկին ներկայ էր Վալերի Պուայէ։ «2015ի ընթացքին ծրագրուած է տնկել 100 ծառ՝ նշենիներ եւ նռնենիներ: Այս տարածքը պիտի դառնայ յիշատակի զբօսայգի: Պատմութիւնը երբեք պէտք չէ մոռնալ, յատկապէս, եթէ խօսքը մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութեան մասին է», յայտնեց ֆրանսացի պատգամաւորը:
Յիշատակի զբօսայգիի շինարարութիւնը պիտի աւարտի 2015ի աշնան՝ ծառատունկի երկրորդ փուլին, որուն ընթացքին տնկուած ծառերուն թիւը պիտի հասնի 100ի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.