
ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ, Թուրքիոյ մէջ հերթական հայատեաց գրառում կատարուած է, այս անգամ՝ Պոլսոյ Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ կողքի պատին վրայ:
Ըստ թրքական «Զաման» թերթին՝ եկեղեցւոյ պատին վրայ թրքերէնով գրուած է. «1915ը՝ օրհնեալ տարի», իսկ գրութիւնը կը շարունակուի հետեւեալ սպառնալից տողերով՝ «Ի՞նչ կարեւոր է, որ դուք բոլորդ հայ էք, եթէ արդէն կայ մէկ Օրկիւն Սամասթ»:
Մարդասպան Սամասթը սպաննած էր Հրանդ Տինքը, իսկ գրառումը յղում կը կատարէ 2007ի այդ ոճիրէն ետք բռնկած ցոյցերուն, երբ հազարաւոր մարդիկ «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք» կարգախօսով փողոց իջած էին:
«Զաման» թերթի աշխատակիցները Մարտ 25ին կրկին այցելած են եկեղեցին եւ տեսած, որ գրառումը ներկուած է: «Նման բաներ յաճախ կը պատահին», ըսած է եկեղեցւոյ կառավարիչը:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը մերժած է մեկնաբանել կատարուածը, իսկ դէպքին առնչութեամբ քրէական գործ չէ յարուցուած: