ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հապերլեր» կայքը կը հաղորդէ, որ երկար ընդմիջումէ ետք, առաջին անգամ ըլլալով, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալները յարձակում գործած են Կորճայքի շրջանը գտնուող Տաղըճայ գիւղին մօտ տեղակայուած թրքական զօրակայանին վրայ: Միջադէպը տեղի ունեցած է Չորեքշաբթի, Մարտ 25ին, իսկ թրքական բանակը իր կարգին հակադարձած է:
Աւելի ուշ, քրտական կողմը դարձեալ կրակ բացած է, եւ թուրք զինուորները՝ հակադարձած:
Մարդկային զոհերու մասին տեղեկութիւն չէ հաղորդուած։
Վերջին քանի մը տարիներուն, քրտական հարցի լուծման հոլովոյթի ծիրին մէջ, քիւրտերուն եւ թրքական բանակին միջեւ ոչ-պաշտօնական զինադադար մը հաստատուած է:
Զինեալ բախումներ տեղի կ՛ունենան այն միջոցին, երբ քրտական տագնապին լուծում մը գտնելու բանակցութիւնները նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ կառավարութեան բանբեր Պիւլենտ Արընչի միջեւ սուր բանավէճի մը պատճառ դարձած են, ինչ որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր իշխող կուսակցութեան պատմութեան մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.