ՏՈՒՊԱՅ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Ճաւատ Զարիֆ Ուրբաթ, Մարտ 27ին խստօրէն հակադարձեց մէկ օր առաջ Թեհրանի հասցէին կատարուած Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ամբաստանութեանց՝ իր կարգին պնդելով, որ Անգարա «անդարմանելի վնասներ հասցուցած է տարածաշրջանին մէջ իր ռազմագիտական սխալներուն պատճառով», միաժամանակ շեշտելով, որ Թուրքիա պէտք է «պատասխանատու քաղաքականութիւն վարէ»։
Եմէնի վրայ սէուտական յարձակումին ի նպաստ արտայայտուելով՝ Էրտողան յայտարարած էր, որ «տարածաշրջանին տիրելու Իրանի ջանքերը դժգոհութիւն կը պատճառեն Թուրքիոյ եւ Ծոցի արաբական երկիրներուն», պնդելով, որ Իրան կ՛աջակցի Եմէնի մէջ իշխանութեան տիրացած հուսի ապստամբներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.