
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քանի կը մօտենայ 24 Ապրիլը, Թուրքիոյ մէջ ալ այնքան կ՛աշխուժանան հարիւրամեակի առիթով կազմակերպուած միջոցառումները, որոնք ներկայիս այլեւս Թուրքիոյ մէջ սովորական դարձած են եւ որոնց մասին ոչ մէկը կրնար երեւակայել՝ գոնէ մինչեւ հինգ տարի առաջ։
Ահա անոնցմէ մէկը՝ «Մարմարա»ի աշխատակից Վարդուհի Սաքանեանի գրիչէն.
Մարտ 27ի յետմիջօրէին, «Պիլկի» համալսարանի «Սանթրալ Իսթանպուլ» մասնաճիւղին մէջ սարքուեցաւ բանախօսութիւն մը՝ «Ատենօք հայեր կային այստեղ» թեմային շուրջ։ Բանախօսներն էին՝ Եւրոպայի մէջ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի միութեան նախագահ Պենիամին Էպթըն, ՀԲԸՄի Եւրոպական շրջանային վարչութեան նախագահ Նիքոլա Դաւիթեան, «Կա՛նգ առ՝ ըսէ ցեղապաշտութեան ու ազգայնապաշտութեան» («DurDe») հարթակի բանբեր Լեւենտ Շենսեւեր։
Էպթըն առաջին բանախօսն էր. ան ըսաւ, որ 2010ին առաջին անգամ Թուրքիոյ մէջ յիշատակի հաւաք մը կազմակերպուեցաւ. Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Ան ընդգծեց, որ իրենց կազմակերպութիւնը մասնաճիւղեր ունի եւրոպական 30 երկիրներու մէջ եւ իրենց նպատակն է համախմբել բոլոր այն ուժերը, որոնք պայքար կը մղեն ցեղապաշտական դրսեւորումներու դէմ։ Էպթըն ըսաւ, որ 1915ի դէպքերը միայն հայերուն եւ թուրքերուն վերաբերող հարց մը չեն, այլ ամբողջ աշխարհին եւ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւն են, ու այդ հարթակին վրայ պէտք է միաւորել բոլոր ճիգերը։ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պէտք է պայքարիլ նախ այն պատճառով, որ 1915ին հայեր սպաննուեցան միայն իրենց ազգային պատկանելիութեան համար, հա՛յ ըլլալնուն համար։ «Օսմանեան կայսրութիւնը քաղաքական ու միջազգային յանցագործութիւն մըն է որ իրականացուց, եւ այդ դէպքերը անպայմա՛ն իրենց միջազգային անունը պէտք է ունենան թէ՛ ապագայի յանցագործութիւնները կանխելու եւ թէ՛ նահատակներու յիշատակը յարգած ըլլալու համար», ըսաւ Էպթըն։ Երկրորդ կարեւոր հարցը, ըստ իրեն՝ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան զարգացումն է, քանի որ բոլորին ալ ծանօթ է, թէ ինչպէ՛ս լրագրողներ կամ գրագէտներ ամբաստանուած են Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան մարզէն ներս։ «Այս երկրին մէջ 1915ի դէպքերը ճանչնալու կամ չճանչնալու հարցը սկզբունքային հարց է, որովհետեւ երկար տարիներ շարունակ հակառակը քարոզուած ու աւանդուած է ժողովուրդին։ Ներկայիս Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ ամենակարեւոր յաջողութիւնն այն է, որ հասարակական կազմակերպութիւններ կը միանան մեր պայքարին, ու ատիկա կ՛ընեն ո՛չ թէ արտասահմանի հասարակական կազմակերպութիւններու թելադրութեամբ կամ յորդորով, այլ իրե՛նց իսկ կամքով, որովհետեւ այդ շրջանակները տարբեր կը խորհին, եւ կ՛ընդունին, որ 1915ին մեծ անիրաւութիւն ու յանցագործութիւն մը տեղի ունեցած է հայ ժողովուրդին նկատմամբ», ըսաւ հիւր բանախօսը։ Իր կարծիքով, երբ մէկ կողմէ պետական մակարդակով 1915ի դէպքերը կը ժխտուին, միւս կողմէ տասը տարիէ ի վեր յառաջադէմ շրջանակներ կը խօսին ու կը քննարկեն Հայկական Հարցը, բայց հակառակ այդ բոլորին, խօսքի ազատութեան տեսակէտէն՝ չենք հասած բաղձալի սահմանին։ Թուրքիոյ պետութեան կը վիճակուի կարեւոր պարտականութիւն՝ այս հարցին նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը փոխելու նպատակով, շեշտեց Էպթըն ու աւելցուց, որ այս տարի 24 Ապրիլին, Եւրոպայի «Ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի կազմակերպութիւններու շարժում»ը Թուրքիոյ մէջ պիտի ըլլայ։ Բանախօսը շեշտեց, թէ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը պայքարի մը վերջակէտը պիտի չըլլայ եւ պայքարը պիտի շարունակուի. ան կարեւորութեամբ ընդգծեց նաեւ, որ իրենք շատ լաւ գիտեն, թէ 24 Ապրիլին Կալիփոլիի ճակատամարտի հարիւրամեակը տօնելու նպատակը Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումները ստուերի մէջ ձգել է։ «Բայց գիտենք նաեւ, որ յառաջադէմ ու ժողովրդավար շրջանակներ մեզի հետ պիտի ըլլան այդ օրը եւ իրենց ձայնը պիտի բարձրացնեն Ցեղասպանութեան հարցով կարծրատիպերու դէմ», եզրակացուց Էպթըն։
Երկրորդ բանախօսն էր Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Եւրոպայի շրջանային վարչութեան նախագահ Նիքոլա Դաւիթեան, որ իր ելոյթը կեդրոնացուց Բարեգործականի գործունէութեան վրայ։ Ան ըսաւ, որ ՀԲԸՄ 109 տարուան պատմութիւն մը ունի, հիմնուած էր Թուրքիոյ մէջ՝ հայ հողագործներու օժանդակելու համար, սակայն 1915էն ետք ձեւափոխուած է, որովհետեւ հողագործներ չէին մնացած. ատոր փոխարէն՝ Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ, մեծ թիւով գաղթականներ կային։ Բարեգործականի նպատակը եղաւ դպրոցներ, որբանոցներ, հիւանդանոցներ հիմնել հայ գաղթականներու համար եւ օգնական ըլլալ անոնց, որովհետեւ այդպիսի ո՛չ մէկ կազմակերպութիւն կամ մարմին կար։ Բարեգործականի ջանքերով է, որ որբանոցներու մէջ ապաստանած երախաներ աւելի զարգացած երկիրներ տեղափոխուեցան։ Բարեգործականի մասին այս հարիւր տարիներուն ընթացքին բազմաթիւ հատորներ հրատարակուած են։
«Բարեգործականը անմիջական կապ ունի Ցեղասպանութեան հետ», դիտել տուաւ Դաւիթեան ու շարունակեց. «Հայկական Սփիւռք գոյութիւն ունէր նաեւ Ցեղասպանութենէն առաջ. հայերու բռնագաղթը միայն 1915ով չի սահմանափակուիր։ Ատիկա դէպի ետ կ՛երկարի մինչեւ Բիւզանդական կայսրութեան շրջանը՝ 8րդ դար։ Հարիւր տարիէ ի վեր հայերու տեղաշարժը հետեւանք է 1915ի դէպքերուն։ Անատոլուի հայութեան մնացորդացը աղէտէն փրկուելով շարունակեց գոյատեւել՝ կազմաւորելով Սփիւռքը»։
Անդրադառնալով Սփիւռքի թուային տուեալներուն՝ բանախօսը ըսաւ, որ ներկայիս մօտաւորապէս 1.5 միլիոն հայեր Եւրոպա կը բնակին, 2 միլիոն հայեր՝ Ռուսիա, 1 միլիոն հայեր՝ Հիւսիսային Ամերիկա, քանի մը հարիւր հազար հայեր՝ Հարաւային Ամերիկա, քանի մը հարիւր հազար հայեր՝ Մերձաւոր Արեւելք, եւ շուրջ 3 միլիոն հայեր Հայաստան կ՛ապրին։ Հայկական Սփիւռքը քաղաքական համախմբում չունի եւ չէ յաջողած իր ղեկավարները, ներկայացուցիչներն ու կեդրոնը կազմաւորել։ Սփիւռքը իրարու կապող միակ շարժումը Ցեղասպանութեան ճանաչումն է, եւ ուժերը միա՛յն այդ նպատակին համար է որ կը համախմբուին. ««Հարիւր տարի ետք ինչո՞ւ այսքան կարեւոր է այս թեման», կը հարցնեն յաճախ։ Հարցն այն է, որ բռնագաղթը, բռնի տեղահանութիւնն ու ժողովուրդի ոչնչացումը միայն 1915ով չէ սահմանափակուած, դէպքերը շարունակուած են մինչեւ 1918 թուական՝ զանազան փուլերով։ Հայ ժողովուրդը ո՛չ միայն մարդկային մեծ կորուստներ ունեցած է, այլեւ՝ նիւթական, այսինքն կորսնցուցած է իր հարստութիւնը։ Նիւթականը միշտ երկրորդական մակարդակի վրայ կը մնայ, որովհետեւ մարդկային կորուստները աւելի՛ ծանր կը կշռեն եւ մեր բոլորի աչքին առջեւն են», նշեց Դաւիթեան։
Գալով գաղթականներուն՝ բանախօսը նշեց, թէ Թուրքիա վերադառնալու ճամբան անոնց համար փակ էր այլեւս եւ անոնց մօտ մնացած էր միայն յիշողութիւնը։ «Հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր ստեղծուած մշակութային արժէքները, հարստութիւնները, ժառանգութիւնը, ամէ՛ն ինչ կորսուած էր, ու ժողովուրդը դատապարտուած էր մահուան», ըսաւ Դաւիթեան։ Ան արտայայտուեցաւ նաեւ ժխտումի քաղաքականութեան մասին՝ ըսելով, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքական որեւէ յարաբերութիւն չկայ, սահմանները փակ են, եւ այս ալ տարբեր ցաւ մըն է։
Երրորդ խօսողն էր «Կա՛նգ առ՝ ըսէ», կազմակերպութեան բանբեր Լեւենտ Շենսեւեր, որ յիշեցուց, թէ իրենց հարթակը հիմնուած էր 2007ին, Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, եւ իրենց նպատակն է զարգացնել Հայաստանի ու Սփիւռքի հասարակական կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութիւնը։ «Մենք կը փորձենք աշխատանք տանիլ, որպէսզի մարդիկ նշմարեն Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը։ Այս տարի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակն է եւ իրականութեան մէջ հարիւր տարուան լռութիւնն է, որ խնդրոյ առարկայ է։ 70-80 տարիէ ի վեր, Թուրքիոյ մէջ լռութիւն կը տիրէր այսպիսի մեծ յանցանքի մը դիմաց եւ ատոր մէջ իրենց մեծ «յաջողութիւն»ն ունէին անցեալի կառավարութիւնները։ 70 միլիոննոց ժողովուրդ մը հարիւր տարի է կ՛ապրի Ցեղասպանութեան ուրացումի պատրանքով, բայց հիմա այդ հարցին մասին այլեւս կարելի է խօսիլ զանազան հարթակներու վրայ», ըսաւ Շենսեւեր, յիշեցնելով, որ 90 տարի ետք՝ 2005ին, առաջին անգամ ըլլալով Ցեղասպանութեան հարցով համաժողով մը գումարուեցաւ Թուրքիոյ մէջ։
«Կարեւոր էր նաեւ, որ Տինքի մահէն ետք հարիւր հազարաւորներ «Մենք բոլորս Հրանդ ենք» կարգախօսով փողոց ելան ու իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին։ Զանազան շրջանակներէ ներս այլեւս թապուները քանդուելու սկսած են ու կը լսուին ներողութիւն խնդրելու ձայներ։ Վերջին քանի մը տարիներուն, այլեւս ոգեկոչման ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենան 24 Ապրիլին։ Այս տարի եւս կազմակերպուած են միջոցառումներ, եւ հարիւրամեակին առթիւ մենք պիտի փորձենք Թուրքիոյ յառաջադէմ շրջանակներու մասնակցութեամբ մեր ձայնը միացնել հայ ժողովուրդին», եզրափակեց Շենսեւեր։
Երեք բանախօսները պատասխանեցին քանի մը հարցումներու՝ տեղեկութիւններ փոխանցելով նաեւ 24 Ապրիլին նախատեսուած միջոցառումներուն մասին։