ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգ. մանկամսուր-մանկապարտէզի աշակերտները, Երեքշաբթի, Մարտ 24ի առաւօտեան այցելութիւն մը տուին Ազգ. առաջնորդարան, ուր մտերմիկ հանդիպում մը ունեցան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հետ։ Սրբազանին կ՛ընկերանային Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան։
Աշակերտները, գլխաւորութեամբ վարժարանի վարիչ Հէլէն Մանուչարեանի եւ ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն ու խումբ մը ծնողներու՝ համախմբուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ, ուր առաջնորդ սրբազանին գլխաւորութեամբ այցելութեան ծրագիրը սկսաւ հաւաքական Տէրունական աղօթքով եւ Արեւագալի «Յարեւելից» շարականի երգեցողութեամբ, որմէ ետք մատրան մէջ աշակերտները եւ ուսուցիչները խմբանկար մը ունեցան: Ապա, աշակերտները առաջնորդուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ, ուր ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը:
Վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի Սիւզի Փաշայեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ, աշակերտները երգեցին Հայաստանի քայլերգը, արտասանեցին հայրենիքին, գարնան եւ Ս. Զատկուան նուիրուած փունջ մը երգեր եւ բանաստեղծութիւններ: Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրէն ետք, աշակերտները համախմբուեցան «Սուլահեան» սրահ, ուր սրբազան հայրը փոքրիկ հիւրերուն բարի գալուստ մաղթեց եւ բացատրեց, թէ կը գտնուին Ազգ. առաջնորդարանի դահլիճը, ուր պաշտօնական հանդիպումներ տեղի կ՛ունենան։ Առաջնորդը թելադրեց, որ աշակերտները ըլլան բարի, աշխատասէր հայեր եւ շնորհակալ ըլլան ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ մանաւանդ՝ շնորհակալ ըլլան Աստուծոյ պարգեւած բարիքներուն համար։ Աշակերտները համարձակօրէն պատասխանեցին Աւագ Շաբթուան ու Ս. Զատկուան մասին առաջնորդի հարցումներուն եւ իրենց կարգին զանազան բնոյթի հարցումներ ուղղեցին սրբազան հօր։
Եզրափակելով իր խօսքը՝ առաջնորդը ուրախութիւն յայտնեց այս հանդիպման համար եւ գնահատեց աշակերտներուն ներկայացուցած յայտագիրը՝ մաղթելով եւ աղօթելով, որ Աստուած աւելի հարստացնէ զանոնք շնորհքներով ու տաղանդներով։ Ան գնահատեց նաեւ վարժարանի վարիչն ու ուսուցչուհիները եւ մաղթեց, որ նոյն ոգիով շարունակեն իրենց ազգանուէր առաքելութիւնը։ Ս. Զատկուան առթիւ սրբազան հօր շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները կանխաւ ընդունելէ ետք, աշակերտները առիթ ունեցան ծանօթանալու առաջնորդարանի բաժանմունքներուն եւ տարուած աշխատանքներուն: Աշակերտները լաւ յիշատակներով մեկնեցան առաջնորդարանէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.