
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նախաձեռնած է «Արշաւ Դէպի Արդարութիւն» («March to Justice») համացանցային արշաւին՝ նպատակ ունենալով «Խաղաղութիւնը ջատագովել, Հայաստանը պաշտպանել եւ բռնարարքներու առաջքը առնել»։
«www.marchtojustice.org» համացանցային կայքը հաստատուած է այս նպատակին համար, որ առիթ պիտի ընծայէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու պայքարներուն մասնակից դառնալ փափաքողներուն՝ գործնական քայլեր առնելու։
Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով իրականացուղ այս նախաձեռնութեան մօտէն ծանօթանալու համար, կը խնդրուի այցելել նշեալ կայքը եւ դիտել հոն զետեղուած տեսանիւթը, որմէ ետք կարելի է տեսանիւթ մը արձանագրել կայքին վրայ՝ «Ինչո՞ւ կարեւոր է Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին բազմապատկել հայութեան արդարութիւն երաշխաւորելու ջանքերը» նիւթին մասին։
Կայքէն կարելի է նաեւ նամակներ յղել ամերիկացի կամ օտար պաշտօնատարներու, պահանջելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու վնասուց հատումը։ Նաեւ, կայքը կարելիութիւն կ՛ընծայէ Facebook-ի, Twitter-ի, Google Plus-ի եւ համացանցային ընկերային կայքերու վրայ զետեղուած նիւթերուն դիւրին բաժնեկցութիւնը։
«Աշխարհատարած հայութեան կարծիքներն ու կարողականութիւնը ներգրաւելու եւ զայն Հայ Դատին ի սպաս դնելու նպատակով կազմուած այս կայքը պիտի դիւրացնէ հայութեան պահանջները պետական պաշտօնատարներու լսելի դարձնելու արշաւը՝ զայն աննախընթաց մակարդակի մը հասցնելով», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տեղեկատուական արհեստագիտութեան վարիչ Ներսէս Սեմէրճան, որուն առաջնորդութեամբ իրականացած էր այս նախաձեռնութիւնը։