Սերկէյ Նարիշքին ծաղկեպսակ զետեղած է Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշարձանին: Այնուհետեւ Ռուսիայէն ժամանած հիւրերը ծաղիկներ զետեղած են Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են անմեղ զոհերուն յիշատակը:
Հանդիպման աւարտին Հայկ Դեմոյեան Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքինին յանձնած է բարձրաստիճան հիւրերուն տրուող Ոսկի մետալ եւ իր հեղինակած գիրքերէն՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Արտասահմանեան Մամուլի Էջերին» եւ «Թուրքիայի Արտաքին Քաղաքականութիւնը Եւ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.