
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 31 Մարտին ընդունեց Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Քանատայի մասնաճիւղի ատենապետ Շահէ Տանաչեանն ու քարտուղար Յակոբ Արսլանեանը:
Հանդիպումին ընթացքին, որուն մասնակցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը, քննարկուած են Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման եւ Արցախ-Սփիւռք կապերու ամրապնդման վերաբերող շարք մը հարցեր:
«ՀԲԸՄն իր ստեղծումից ի վեր ընդգծուած դերակատարութիւն է ունեցել համայն հայութեան կեանքում», յայտնած է նախագահ Սահակեան՝ աւելցնելով. «Կազմակերպութեան հետ փոխգործակցութեանը միշտ էլ յատուկ ուշադրութիւն է դարձուել Արցախում»: