
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 31 Մարտին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ հիւրընկալուեցան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան պատուիրակները՝ կազմակերպութեան ղեկավար Պերճ Սեդրակեանի գլխաւորութեամբ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցած են, որ Հայաստանի ու Արցախի մէջ իրականացուող բազմաթիւ բարեսիրական ծրագիրներու շնորհիւ ՀԲԸՄը իւրօրինակ կամուրջ դարձած է Մայր հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ, իսկ նախարարութեան մէջ աւելի քան 23 երկիրներէ պատուիրակներու մասնակցութեամբ կայացած հանդիպումը կը միտէր այդ կամուրջի առաւել ամրապնդման եւ կապերու սերտացման։
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Վարդան Աւետիսեանը, որ ընդգծեց, թէ ՀԲԸՄ իր ազգապահպան ու հայրենանուէր գործունէութեամբ 20րդ դարասկիզբէն ի վեր կը շարունակէ մնալ բարեգործական, կրթամշակութային ու հասարակական գործունէութեան ծաւալման հիմնական դերակատարներէն:
Կարեւոր նկատելով Սփիւռքի աջակցութիւնը բանակաշինութեան գործին՝ ՀԲԸՄի ղեկավար Պերճ Սեդրակեան իր խօսքին մէջ համառօտակի անդրադարձաւ միութեան ծաւալած գործունէութեան առանցքային ուղղութիւններուն եւ հաստատեց, որ կազմակերպութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Հայաստանի ռազմակրթական համակարգի առաւել զարգացման միտող ծրագիրներուն:
Բարձր գնահատելով հայրենիքի պաշտպանութեան գաղափարին շուրջ հայրենիք-Սփիւռք համերաշխութիւնն ու միասնականութիւնը՝ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան հիւրերուն ներկայացուց հայկական բանակին մէջ ընթացող բարեփոխումներն ու բանակաշինութեան մէջ Սփիւռքի կառոյցներու օժանդակութեան ուղիները: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ՀԲԸՄին՝ մնայուն կերպով Հայաստանին եւ Հայաստանի զինուած ուժերուն աջակցելուն համար: Նախարար Օհանեան պատասխանեց նաեւ հիւրերուն հարցումներուն եւ հաստատեց, որ՝ «հայոց բանակն այսօր ի վիճակի է կատարել իր առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները՝ արժանի հակահարուած հասցնելով հառակորդի ցանկացած ոտնձգութեանը»:
Աւարտին, առ ի գնահատում հայապահպան եւ ազգանուէր գործունէութեան, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ՀԲԸՄը պարգեւատրեց զինուած ուժերու զինանշանով: ՀԲԸՄի ղեկավար Պերճ Սեդրակեանի հրամանով ալ Սէյրան Օհանեան պարգեւատրուեցաւ միութեան ոսկի մետալով:
ՀԲԸՄի պատուիրակներու այցելութեան ծիրին մէջ նախարարութեան վարչական համալիրի հրապարակին վրայ կազմակերպուեցաւ հայկական բանակի տարբեր ստորաբաժանումներու արհեստավարժութիւնն ու մասնագիտական հմտութիւնները ներկայացնող ցուցադրական ելոյթներ: