
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Պատմական Հայաստանի լուսանկարներուն նուիրուած հեղինակ եւ լուսանկարիչ Մեթիու Քարանեանի հատորը Հինգշաբթի, Ապրիլ 16ին, երեկոյեան ժամը 7ին պիտի ներկայացուի Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ (222 East Harvard Street, Glendale, CA 91205):
Մեթիու Քարանեանի նոր հատորին խորագիրն է՝ «Historic Armenia, After 100 Years: Ani, Kars, and the Six Provinces of Western Armenia» («Պատմական Հայաստանը 100 Տարի Ետք. Անի, Կարս Եւ Արեւմտեան Հայաստանի Վեց Նահանգները»):
Մեթիու Քարանեան, որ նաեւ համահեղինակն է Հայաստանի եւ Արցախի զբօսաշրջութեան ուղեցոյցին՝ «Armenia and Karabakh: The Stone Garden Travel Guide»ին, պիտի խօսի իր նոր հատորի պատրաստութեան մասին եւ պիտի մակագրէ գիրքերէն օրինակներ: Անգլերէն այս գիրքը իւրայատուկ ուղեցոյց է բոլոր անոնց համար, որոնք կը փափաքին այցելել վերոնշեալ վայրերը:
Գիրքը կազմուած է քանի մը տարուան աշխատանքի եւ հետազօտութիւններու իբրեւ արդիւնք եւ բաղկացած է 176 էջերէ, որոնց մէջ կան հեղինակի լուսանկարներէն, Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած ու իսլամացուած հայերու մասին նշմարներ, ինչպէս նաեւ՝ քարտէսներ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 548- 3288 թիւին կամ Egrigorian@GlendaleCA.Gov հասցէին: