ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Յունուար-Փետրուար 2015ին որպէս մարդասիրական օգնութիւն Հայաստան եկած է 260 թոն ապրանք: Նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով՝ Հայաստանի ստացած օժանդակութեան քանակը աւելցած է շուրջ 22 տոկոսով:
Թուային պատկերը փոխանցած է Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը: Համաձայն պաշտօնական վիճակագրութեան՝ Հայաստանին տրամադրուած մարդասիրական օգնութեան ընդհանուր քանակին առիւծի բաժինը կը հանդիսանան Միացեալ Նահանգներէն, Չինաստանէն, Աւստրալիայէն, Հնդկաստանէն ու Զուիցերիայէն ուղարկուած ապրանքները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.