
ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ Երկուշաբթի, 30 Մարտի երեկոյեան Լիբանանի Իրաւաբաններու սենտիքայի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած կլոր սեղան մը՝ «Հայ դատը եւ միջազգային արդարութիւնը՝ շրջանին մէջ քաղաքական փոփոխութիւններուն լոյսին տակ» խորագիրով:
Սոյն կլոր սեղանը սկսաւ Լիբանանի քայլերգով: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Շաղիկ Յովսէփեան: Ան նշեց պատմական այն երկու իրադարձութիւնները, որոնք երկուքն ալ գործադրուած են օսմանեան իշխանութեան կողմէ, մէկը՝ 24 Ապրիլ 1915ի հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը եւ բռնագաղթը իր բնօրրանէն, իսկ միւսը՝ 6 Մայիս 1916ի լիբանանցի մտաւորականներու եւ լրագրողներու սպանդը:
Ան ըսաւ, որ անցած են դարեր, բայց ոճրագործութիւնը եւ մահ տարածելու մշակոյթը կը շարունակեն գերիշխել թուրք քաղաքական մտածողութեան վրայ: Թէեւ անցեալին Թուրքիան ծրագրեց թաղել հայ ժողովուրդը իր մշակոյթով ու քաղաքակրթութեամբ, բայց այսօր մենք ոտքի ենք, աննկուն կամքով կանգնած շրջանի մեր եղբայրներուն հետ՝ ըսելու համար ո՛չ օսմանական նոր ծրագիրներուն եւ քաղաքական ախորժակներուն, որոնք յաճախ երեւան կու գան որպէս արաբական աշխարհի հարցերուն պաշտպանութեան պատրուակով, ոտքի ենք փաստելու, որ միացեալ պայքարը պիտի շարունակենք յանուն արդար դատի իրականացման:
Հանդիպումի զրուցավարն էր Վերա Եագուպեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները անդրադարձաւ, թէ ի՛նչ հանգրուաններով իրականացաւ հայ ժողովուրդի եղեռնագործութիւնը, ապա ըսաւ, որ 100 տարի ետք Թուրքիա կը շարունակէ յանցագործութիւնը ժխտելու քաղաքականութիւն վարել, մինչ հայ ազգի զաւակները Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին կը պահանջեն միջազգային արդարութեան հաստատում, իրաւունքներու վերատիրացում:
Խօսք առաւ Իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Ժորժ Ժրէյժ: Ան ողջունեց բոլոր ներկաները եւ ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը իր ուսանողով, երիտասարդով եւ ծերով չի մոռնար իր պատմութիւնը, ինչ որ արժանի է յարգանքի, որովհետեւ կը միտի իրականացնել պատմական արդարութիւնը: Ան ըսաւ, որ բոլորս լիբանանցիներ ենք: Հայութեան ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ կապուած չէ Հայոց Եղեռնի օրերուն գաղթականներու ժամանումին, այլ կը հասնի մինչեւ խաչակիրներու արշաւանքները: Ան նշեց տնտեսական եւ մշակութային այն դերը, զոր կատարեց հայ ժողովուրդը Լիբանանի տնտեսական զարգացման ու երկրին վերելքին համար: Ժրէյժ նշեց, որ լիբանանցի ժողովուրդն ալ, ինչպէս նաեւ այլ փոքրամասնութիւններ՝ ասորիներ, յոյներ, զոհ դարձան երիտթուրքերու վարած քաղաքականութեան:
Ժրէյժ ըսաւ, որ այսօրուան Թուրքիան շառաւիղը ըլլալով իր նախահայրերու ծրագիրին, պարտաւոր է ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը, հատուցում կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ այս խնդիրը պատմականօրէն լուծել յօգուտ հայութեան: Ան հաստատեց, որ օրէնքը անժամանցելի է: Ամեակները բան չեն փոխեր իրաւունքի վերատիրացման իմաստով, այլ կու գան ու կ՛երթան, մինչեւ որ պատմական ողբերգութիւնները իրենց արդար լուծումը ստանան:
Խօսք առաւ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր: Ան ողջունեց լիբանանահայերը, որոնք 100 տարի առաջ մորթուեցան, տարագրուեցան, որոնց մտաւորականները կախաղան հանուեցան, զաւթուեցան անոնց բոլոր ինչքերն ու ունեցուածքները, եւ որոնք նաեւ դիմադրեցին այս բոլորին, տոկացին ու դարձան Լիբանանի քաղաքացի եւ անքակտելի մէկ մասնիկը Լիբանանի ժողովուրդին: Ան ըսաւ, որ հայերը իրենց նպաստը բերին նաեւ Լիբանանի ծաղկեցման ու բարգաւաճման՝ դիտել տալով, որ եթէ հայութիւնը թուրքին սուրով ցեղասպանուեցաւ, Լիբանանի ժողովուրդն ալ նոյն ցեղասպանին կողմէ մատնուեցաւ սովի, որուն զոհ գնաց Լեռնալիբանանի բնակչութեան 40 տոկոսը:
Երեսփոխան Մուխայպեր յայտնեց իր զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին՝ ըսելով, որ մենք՝ իբրեւ լիբանանցիներ, այսօր ձեզի հետ կը կանգնինք ու կը պահանջենք ճանաչում եւ արդարութիւն հայ ազգին: Այս մէկը ոչ թէ սիրոյ կեցուածք մըն է, ըսաւ ան, այլ պարտաւորութիւն է, որովհետեւ ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ ուղղուած արարք է, եւ եթէ չդատապարտուի, կրնայ նոյն ոճրագործին կողմէ անգամ մըն ալ կրկնուիլ:
Ան բացայայտօրէն ըսաւ, որ մենք բոլորս հայ ենք: Բոլորս կը պահանջենք արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը: Հայ ժողովուրդի դատը կը շարունակէ ի զօրու մնալ, այնքան ատեն որ արդարութիւնը չէ հաստատուած:
Ելոյթ ունեցաւ դոկտ. Լէյլա Ռահպանի եւ ներկայացուց «Թուրքիոյ ապագայ դերակատարութիւնը եւ անոր ազդեցութիւնը հայկական հարցին վրայ» նիւթը:
Ան անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս անցեալէն եկած եւ ներկայիս ալ շարունակուող Թուրքիոյ ախորժակները արաբական աշխարհին մէջ ի դերեւ դուրս եկած են: Ռահպանի նշեց նաեւ Թուրքիոյ ախորժակները՝ ընդարձակելու իր սահմանները եւ այս մասին եղած յայտարարութիւնները:
Ան անդրադարձաւ Թուրքիոյ դերակատարութեան՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի քաղաքական իրադարձութիւններուն մէջ, երբ կը դիւրացնէ ծայրայեղականներու շարժումները եւ նպատակները: Ան անդրադարձաւ նաեւ քրտական խնդիրի զարգացումին՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ:
Ռահպանի նշեց, որ Թուրքիա այսօր ամէն ժամանակէ աւելի կ՛աշխատի ուժանիւթի կեդրոնը դառնալ «Նապուքօ» քարիւղատար խողովակներուն միջոցով, որ կը նպատակադրէր ձերբազատուիլ ռուսական իշխանութենէն եւ կեդրոնանալ Ատրպէյճանի, Թուրքմէնիստանի վրայ ու այդպէս կազը մատակարարել Եւրոպա: Սակայն այս ծրագիրը չիրականացաւ: Ան յայտնեց, որ առանց Իրանի թոյլտուութեան ու անմիջական օգնութեան, կարելի պիտի չըլլայ Թուրքիոյ կազի մատակարարումը Եւրոպա:
Ան եզրակացուց, որ եթէ նոյնիսկ Թուրքիա Միջին Արեւելքի խաղէն դուրս գայ, հաստատօրէն իրեն պիտի վերապահուի ռազմավարական նշանակութիւն Միջին Ասիոյ մէջ:
Շրջանի ուժանիւթի խնդիրը պիտի կարգաւորուի յօգուտ Թուրքիոյ, իսկ Հայաստան պիտի շարունակէ մնալ թրքական ռազմավարութիւններու եւ քաղաքական-զինուորական ախորժակներու ազդեցութեան տակ:
Ան ընդգծեց, որ բոլոր պարագաներուն ալ արդարութիւնը պէտք է երեւան գայ ուշ կամ կանուխ: Հայ ժողովուրդի իրաւունքն է արդարութեան հաստատումը, որ նոյնպէս բոլոր ժողովուրդներուն պատասխանատուութիւնն է, որովհետեւ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ:
Ան գնահատեց հայկական լոպիին դերակատարութիւնը, որ յաջողեցաւ յօգուտ Հայ Դատին ճանչցնել տալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ան կոչ ուղղեց աշխատանքները կրկնապատկելու, որպէսզի այս անգամ կարելի ըլլայ սանձել գաղթը դէպի օտար ափեր եւ վերջ տալ օտարացման վտանգին:
Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, որ չենք հաւատար ալ, որ արտաքին ծրագիրները պարտադրուած ճակատագիր են ապրող ու պայքարող ազգերուն համար, որոնք իրենց պայքարով ու արդար դատին կառչած մնալով, կրնան ձախողութեան մատնել արտաքին բոլոր ծրագիրները:
Խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան նշեց, որ մեծ իրադարձութիւններու ժամանակաշրջանի մէջ կ՛ապրինք, ուր գերպետութիւններու տնտեսական եւ քաղաքական շահերու իրականացման հոլովոյթին փոքր ազգերը զոհ կ՛երթան:
Այս ժամանակահատուածին մէջ հայութիւնը աշխարհի բոլոր անկիւններէն կու գայ յիշելու եւ յիշեցնելու, որ Հայ Դատը կ՛ապրի, որովհետեւ իր ետին ունի պայքարող ժողովուրդ մը:
Ան դիտել տուաւ 100 տարի առաջ հայութեան կրած բռնութիւնները, մանուկներու ճիչերը, Եփրատի ջուրերուն արիւնով ներկուիլը, գանկերու կոյտերը աւազներուն վրայ, կախաղաններու վրայ հայ մտաւորականներուն ճօճուող մարմինները, ապա ըսաւ, որ՝
1.- Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած ոճրագործութիւն է՝ ծրագրուած, լաւապէս կազմակերպուած ու իրագործուած.
2.- Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքները մինչեւ այսօր ալ կը շարունակուին.
3.- Արդի Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնն է ընդունիլ իր կատարածը, հատուցել եւ վերադարձնել հայութեան բոլոր իրաւունքները.
4.- Այն պետութիւնները, որոնք անցեալին դաշնակից եղած են Թուրքիոյ, նոյնպէս պարտաւոր են ընդունիլ ու յարգել մարդկային իրաւունքները եւ աշխատիլ արդարութեան հաստատման համար:
Երեսփոխան Բագրատունի նկատել տուաւ, որ բոլոր արաբական երկիրները պարտաւոր են ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ արաբական աշխարհը նոյնպէս 4 դար ապրեցաւ օսմանցիներու իշխանութեան տակ՝ կրելով ամէն տեսակ հալածանք եւ մարդկային իրաւունքներու անտեսում եւ ոտնահարում:
Ան ըսաւ, որ իբրեւ լիբանանցիներ հպարտ ենք, որ Լիբանանի խորհրդարանը 2000 թուականին ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: «Այժմ եկէք միասնաբար կոչ ուղղենք եւ պահանջենք, որ Ապրիլ 24ը յայտարարուի իբրեւ Ցեղասպանութեան դէմ ազգային զօրակցութեան օր», շեշտեց Բագրատունի:
Ան ըսաւ, որ կը պահանջենք արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն, կը պահանջենք, որ Թուրքիան ընդունի, հատուցէ եւ վերադարձնէ բռնագրաւուած մեր տարածքները, ապա եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, որ ազգերու պայքարը կը շարունակուի, այնքան ատեն որ ողբերգութիւնը կը շարունակուի: Ազգերու միասնակամութիւնը լաւագոյն միջոցն է արդարութեան հաստատման: Որովհետեւ մենք ծնանք միասին, նահատակուեցանք միասին, միասին ալ պիտի մնանք յաւիտեան:
Ձեռնարկի աւարտին երախտապարտութեան եւ շնորհակալութեան իբրեւ արտայայտութիւն, յուշանուէրներ տրուեցան երեսփոխան Ղասսան Մուխայպերին, Ժորժ Ժրէյժին եւ դոկտ. Լէյլա Ռահպանիին: