Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Ս. Յարութեան ներգործութիւնն ու ազդեցութիւնը խիստ բախտորոշ եւ ճակատագրական դեր ունեցաւ Յիսուսի աշակերտներուն վրայ: Յարուցեալ Քրիստոսը տարերային զօրութեամբ յեղաշրջեց անոնց կեանքն ու կենցաղը։
Յիսուսի երկրաւոր կեանքի վերջին օրերուն, աշակերտներուն ունեցած ակնկալութիւնները, թէ իրենց Վարդապետը պիտի դառնար երկրաւոր Մեսիա մը՝ ազատագրելու իրենց ազգը հռովմէական տիրապետութենէ, բոլորովին յուսախաբ ըրած էր զիրենք: Իր աշակերտները զինք դիմաւորած էին Երուսաղէմի մէջ «Ովսաննա»ներով, այն յոյսով, որ Ան իր երկրաւոր թագաւորութիւնը պիտի հռչակէր, բայց անոնք հիասթափուած էին՝ ի տես Յիսուսի արտասուքին եւ մարգարէութեան, թէ օր մը Երուսաղէմ քար ու քանդ պիտի ըլլար իր թշնամիներուն կողմէ: Ատկէ քանի մը օր ետք, Յիսուսի ձերբակալութիւնը, չարչարանքներն ու խաչելութեան ողբերգութիւնը ամբողջովին մարած էր իրենց յոյսերը՝ անամոք սուգի մատնելով զիրենք: Վախը կացինահարած էր անոնց ներաշխարհը եւ յուսահատութիւնը անդամալուծած էր անոնց կամքերը: Ահ ու դողի մատնուած՝ անոնք կծկուած էին իրենց պատեաններուն մէջ:
Սակայն, երրորդ օրը՝ Կիրակի օր, պատահեցաւ աներեւակայելի բան մը, որ հիմնովին փոխեց Յիսուսի աշակերտներուն աշխարհայեացքը: Այդ վհատած, բարոյալքուած եւ դասալիք դարձած մարդիկը յանկարծ դարձան աներկիւղ եւ ինքնավստահ, վճռակամ եւ խիզախ: Իրենց թաքստոցներէն դուրս եկած՝ անոնք դարձան Քրիստոսի անվախ աւետարանիչները:
Ի՞նչ էր գաղտնիքը այս արմատական եւ հրաշալի փոփոխութեան: Գաղտնիքը Քրիստոսի յաղթական Յարութիւնն էր: Յարուցեալ Յիսուսի հրաշազօրութիւնը արմատական փոփոխութիւն մը յառաջացուց վհատութեան մատնուած այդ մարդոց մէջ: Աշակերտները անձնապէս տեսան եւ համոզուեցան, թէ Յիսուս Քրիստոս յաղթական Տէր է եւ Փրկիչ: Անոնք համոզուեցան, թէ Քրիստոս մեղքի եւ խաւարի ուժերուն վրայ տարած էր վճռական եւ բախտորոշ յաղթանակ մը:
Աշակերտներու այս ամրակուռ հաւատքը կը բղխէր Քրիստոսի Յարութեան զօրութեան ճանաչումէն, որուն որպէս արդիւնք՝ անոնց կեանքն ու կենցաղը հիմնովին փոխուեցաւ: Շուտով, անոնց յոռետեսութիւնը տեղի տուաւ լաւատեսութեան: Թօթափելով ամէն անձկութիւն ու յուսաբեկութիւն՝ անոնք նոր խանդով ու աւիւնով, անխախտ հաւատքով ու վճռակամութեամբ տոգորուած՝ Յարուցեալ Քրիստոսի աննահանջ ախոյեանները դարձան: Աւետարանչութեան անմար հուրով բորբոքած՝ անոնք Քրիստոսի Աւետարանի անվեհեր ջահակիրները եղան:
Յարութեան ներգործութիւնն ու ազդեցութիւնը դարձած են նաեւ կենդանի եւ ներգործող լծակ մը՝ բոլոր դարերու ճշմարիտ քրիստոնեաներուն, որոնք ճանչցած են զինք որպէս յաղթական Տէր, որովհետեւ Ան նո՛յնն է «Երէկ, այսօր եւ յաւիտեան»: Յարուցեալ Փրկիչին յաղթութիւնը դարձած է անոնց կենսունակութեան աւիշը ու անոնց կեանքերուն հզօր ուժամղիչը: Այսպիսով, անոնք քաջութեամբ կրցած են դիմագրաւել ամէն տեսակի տագնապներ, նեղութիւններ եւ դժուարութիւններ:
Քրիստոսի Յարութիւնը նաեւ կու գայ պատգամելու մեզի, թէ վերջին յաղթանակը միշտ արդարութեանն է՝ ընդդէմ անարդարութեան, բարիինն է՝ ընդդէմ չարին, կեանքինն է՝ ընդդէմ մահուան:
Իր հաւաքական կեանքը Քրիստոսի կառքին լծող հայ ժողովուրդը, փորձառաբար իրազեկ է այս ճշմարտութեան: Հակառակ անոր, որ իր բազմադարեան պատմութեան մէջ հայ ազգը արձանագրեր է բազմաթիւ մահասարսուռ էջեր, սրտաճմլիկ նահատակութիւններ եւ ազգային մեծ աղէտներ, Յարութեան յեղաշրջիչ զօրութեամբ մենք ազգովին կրցած ենք մեր արցունքէն ծիածան եւ մեր փուշերէն պսակ շինել: Ասոր պերճախօս օրինակը 1915էն 1923 տարիներուն ընթացքին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնն է, որուն հարիւրամեայ տարելիցն է, զոր աշխարհասփիւռ հայութիւնը կ՛ոգեկոչէ այս տարի: Ի հեճուկս այն իրողութեան, որ այդ դժնդակ տարիներուն, հայ ժողովուրդը իր խաչը կրած՝ քալեց դէպի իր «Գողգոթա»ն, քալեց արեան ճանապարհէն, արցունքի հովիտէն եւ մահուան մութ ձորէն, Աստուածատուր յարութեան զօրութեամբ ոտքի կանգնեցաւ, իր Մայր հողին վրայ պետականութիւն կերտեց՝ հիմը դնելով մեր այսօրուան սիրելի Հայրենիքին: Իսկ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած «Մնացորդաց»ը, Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու եւ համայն աշխարհի տարածքին նորանոր գաղութներ կազմակերպեց:
Եզեկել մարգարէի չորցած ոսկորներու յարութեան տեսիլքը լիովին կը յարմարի Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայ ազգին: Չորցած ոսկորներէն յառնող, փիւնիկի պէս մոխիրներէն ծնող շուրջ տասը միլիոն հայեր, այսօր կը յայտարարեն աշխարհին՝ «Կանք, կը մնանք, կ՛ապրինք, կը ստեղծագործենք եւ արդարութիւն կը պահանջենք»:
Թող Զատկուան հրաշքը իր ներզօր ազդեցութիւնը ունենայ ամէն հայու եւ ամէն մարդու կեանքին մէջ, որպէսզի կարենայ լիաթոք գոչել՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. օրհնեա՛լ է յարութիւնն Քրիստոսի»:
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ.
ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Գործադիր Տնօրէն՝ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի