«Եւ լուսաւորեսցէ զքեզ Քրիստոս» (Եփես. Է. 14)
Երկու հազար տարի առաջ մարդկութեան կեանքը իր անկրկնելի հրաշքը ապրեցաւ, երբ Քրիստոս Աստուածորդին Իր Յարութիւնը դարձուց ճանապարհը նոր կեանքին, որուն հիմքը կը ներկայանայ հոգեւոր ու բարոյական վերածնունդը: Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդն է, զոր կը տօնենք մեր կեանքին մէջ, երբ մեր միտքն ու հոգին կը կեդրոնացնենք աստուածայինի վրայ, որուն ներշնչումով ալ կ՛ըմբռնենք, թէ ստեղծուած ըլլալով Աստուծոյ պատկերին համաձայն՝ հաւատքի զօրութեամբ կարողութիւնն ունինք հրաշագործելու մեր կեանքը:
Զատիկը տօնել՝ կը նշանակէ լուսաւորել մեր կեանքը Քրիստոսով: Այլեւ ապրիլ Քրիստոսի հետ, Անոր նմանակցութեամբ իմաստաւորելու եւ արժեւորելու մեր կեանքը՝ Աւետարանէն ճառագայթող պատգամներով, որոնք կը նորոգեն մեր հոգեւոր կեանքը: Եկեղեցւոյ լուսամիտ հայրերէն հոգելոյս Գէորգ Զ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը հետեւեալ խորհրդածութինը կը կատարէ՝ խորապէս բացատրելու համար Քրիստոսի Յարութեան կենսական կարեւորութիւնը մարդկութեան կեանքէն ներս. «… Աշխարհը ծերացել էր ոչ մտքով կամ ճաշակով, այլ՝ բարոյապէս: Նա չէր կարօտում գիտութեան, գեղարուեստին, այլ՝ բարոյական գաղափարների. աշխարհը բարոյապէս փտտած էր ճիշդ այնպէս, ինչպէս եւ այսօր, եւ կարօտում էր բարոյական վերածնութեան»:
Այսօր, Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդին ակնդէտ՝ մենք մեր կեանքը կը նորոգենք, երբ մեր կեանքի ընթացքը կը պայմանաւորենք Քրիստոսի ուղեգծած լոյսի ճանապարհով: Բաւական է, որ հետեւինք Քրիստոսի պատուիրաններուն, որպէսզի լուսաւորուինք հոգեւոր ու բարոյական վերածնունդով: Ս. Յարութեան տօնին նախորդող քառասուն օրերու աղօթքի, պահեցողութեան ու հոգեւոր սերտողութեանց ամբողջ ժամանակահատուածը մարդու հոգին լուսաւորող ճանապարհորդութինն էր: Եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ մեզի ներկայացուող աւետարանական պատգամները կեանքի կոչելով՝ մենք կը բարձրանանք առ Աստուած, որպէսզի կեանքը ապրինք Աստուծոյ նմանութեան տեսիլքով։
Ցաւօք, այսօրուան աշխարհի պատկերը Աստուծոյ աչքէն հեռու ապրուած կեանքը կը ներկայացնէ, երբ մարդը իր մէջ կորսնցուցած ըլլալով հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով ապրելու գիտակցութիւնը՝ իր մէջ կը կործանէ Աստուծոյ պատկերը, կը խոնարհի ժամանցելի արժէքներու առջեւ եւ կը մոռնայ իր ճշմարիտ պատկանելիութիւնը, Աստուծոյ պատկանելու խորհուրդը, Աստուծոյ կամքը կատարելու առանձնաշնորհումը:
Սիրելի հաւատաւոր ժողովո՛ւրդ,
Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդով ապրինք մեր կեանքը, ինչպէս եղաւ կեանքի ճանապարհը մեր նախնեաց, ի մասնաւորի՝ նահատակ սերունդին, որ հաւատքի կեանքով առաջնորդուած կեանք մը ապրեցաւ: Անոնց պատարագումը դարձաւ հոգեւոր ժառանգութիւնը մեր կեանքին: Անցած հարիւր տարիներու կեանքը՝ աշխարհացրիւ մեր հայութեան, կը խորհրդանշէ Յարութեան խորհուրդը: Յարութեան խորհուրդը պիտի ապրինք գործնապէս որպէս քրիստոնեայ հաւատացեալներ՝ մեզմէ ամէն մէկուն էութիւնը դարձնելով Հայրենիքի ներկայութիւնը, որպէս կրողը նահատակ սերունդի տեսիլքին: Եթէ Զատիկը քրիստոնեայ աշխարհին հաւատքի տօնն է, ապա մեր ազգի զաւակները Զատիկը ճառագայթած են իրենց անցնող հարիւր տարիներու կեանքը արդարացնելով նոր արարումներով ու ստեղծագործ կեանքով:
Այս օրերուն, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումը եւ Նահատակաց սրբադասումը արթնութեան նոր կոչ են բոլորիս համար, որպէսզի շարունակենք ապրիլ Յարութեան խորհուրդով, որուն արգասիքը հաւատքի զօրութիւնն է:
Զատիկը տօնել մեր կեանքին մէջ կը նշանաւորուի քրիստոնէական հաւատքի կեանքով, հայրենասիրութեամբ ու եկեղեցասիրութեամբ, ծառայասիրութեամբ ու ստեղծագործ կեանքով, միշտ առաջնորդուելով հոգեւոր ու բարոյական այլ արժէքներով, որոնք անհամեմատօրէն ու յաւերժականօրէն աւելի ծանր պիտի կշռեն մեր ինքնութեան մէջ:
Եւ վերջապէս, Զատիկը տօնել՝ մեզի համար կը նշանակէ ապահովել հայ քրիստոնեայ ընտանիքի հզօրացումը, բարգաւաճումը եւ ներկայութիւնը, որպէս երաշխիքը հայ ցեղի յարատեւութեան:
Ուրեմն, խոնարհինք Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդին առջեւ, որպէսզի Քրիստոսը դարձնելով մեր կեանքի Առաջնորդը՝ կարողականութիւնն ունենանք մեր մէջ գտնելու աստուածայինը եւ աստուածապարգեւ այն հոգեւոր ու ազգային արժէքները, որոնք մեզ կը դարձնեն Առաքեալները Քրիստոսի, եւ Քրիստոսի սիրով նուիրականացուած՝ մեր նախնեաց հարազատ զաւակները: Հետեւաբար, մեր հայրական յորդորն է, որ մեր ժողովուրդի զաւակները հեռու մնան ներկայ ժամանակներուն թելադրած հայու նկարագիրին անյարիր բարքերէն ու բարոյական խէթ արժէքներէն եւ կառչած մնան քրիստոսաւանդ վեհ արժէքներուն՝ մեզի հաղորդուած Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդով:
Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց: Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՌԱՋՆՈՐԴ
Ս. Զատիկ, 2015