ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Արեւմտեան քարոզչական միջոցները ոչ իսկ երկվայրկեան մը ուշացան եւ մօտաւորապէս երկու շաբաթ անդադար, Ռուսիոյ դէմ ինչեր ըսես չըսին՝ առանց ապացոյցի նշոյլ մը հրապարակելու: Ռուսիոյ օդանաւորդութեան մասնագէտներ հրապարակեցին իրե՛նց ձեռքին տակ գտնուող տուեալները՝ ռատարներու արձանագրութիւններ եւայլն, պահանջելով, որ «միւս» կողմը եւս հրապարակէ իր տուեալները: Արեւմուտքը, իբրեւ ուղղակի շահագրգիռ կողմ Ուքրանիոյ հարցով, տրամաբանական է որ խնդրոյ առարկայ շրջանը պահէր իր ուշադրութեան կիզակէտին վրայ՝ իր տեղեկահաւաք թեքնիք միջոցներով: Հետեւաբար, այս ողբերգական դէպքին առարկայական ծալքերէն (թէ ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս պատահեցաւ) տեղեակ էին Արեւմուտքի մէջ:
Դէպքէն քանի մը օր ետք, ջախջախուած օդանաւին երկու սեւ տուփերը (որոնք ի դէպ՝ սեւ չեն, այլ նարնջագոյն) փոխանցուեցան ՆԱԹՕի անդամ Հոլանտայի մասնագէտներուն, որոնց յանձնուած էր արկածին քննութիւնը: Իւրաքանչիւր ճամբորդատար օդանաւի մէջ գտնուող այս տուփերէն մէկը կը պարունակէ օդաչուներու խցիկին մէջ կայացած բոլոր խօսակցութիւններուն արձանագրութիւնները, իսկ երկրորդը՝ թռիչքի թեքնիք տուեալները՝ բարձրութիւն, արագութիւն, ուղղութիւն եւայլն:
Աւելի քան 8 ամիս անցած է այս դէպքէն եւ ցարդ ոչ մէկ տեղեկութիւն հրապարակուած է արկածին պատճառներուն մասին: Քար լռութիւն կը տիրէ արեւմտեան կողմն աշխարհի:
Մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ սակայն, GermanWings ընկերութեան պատկանող «Էրպաս» տիպի օդանաւ մը ջախջախուեցաւ Ֆրանսայի մէջ, պատճառ դառնալով 150 հոգիի մահուան: Մէկուկէս օր ետք, օդաչուներու խցիկին ձայնային արձանագրութիւններէն երեւան եկաւ այն, ինչ որ հիմա ամբողջ աշխարհ տեղեակ է. օգնական օդաչուն հոգեկան- հոգեբանական լուրջ հարցեր ունէր եւ օգտուելով գլխաւոր օդաչուին կարճատեւ բացակայութենէն, ան օդանաւը տարած էր ջախջախումի:
Աչքառու հակասութիւն մը կայ հոս, չէ՞: Մինչ մալեզիական օդանաւին դէպքին շուրջ լռութիւն կը տիրէ աւելի քան 8 ամիս անց (նոյնիսկ մոռացութեան մատնուած է… առայժմ), գերմանական օդանաւին պարագային մէկուկէս օր ետք հիմնական տեղեկութիւնները բացայայտուեցան եւ հրապարակուեցան:
Սա ի՞նչ կը նշանակէ:
Ի շարս բազմաթիւ բաներու՝ մէկ հիմնական բան: Մինչ առաջինին պարագային կամքը կը բացակայի, երկրորդին պարագային՝ ոչ: Առաջին պարագան կը պարունակէր քաղաքական շահագործումի տարրեր, սակայն երկրորդին մէջ չկային այդ տարրերը: Առաջինին պարագային, չկար քաղաքական կամքը արարքին հեղինակ(ներ)ը երեւան հանելու, իսկ երկրորդին պարագային, կա՛ր այդ կամքը:
Ահաւասիկ կը հասնինք մեր այսօրուան բո՛ւն նիւթին:
Քանի մը շաբաթ առաջ, Երեւանի մէջ սպաննուեցաւ ոմն Երրորդմասցի Լէովիկ անունով մէկը, իր երկու ընկերներուն հետ (այս չէ անշուշտ մեր նիւթը): Հաւանաբար գողական աշխարհէն ներս ներքին հերթական հաշուեյարդար էր եղածը: Պետական համապատասխան մարմինները քննութիւն բացին եւ քանի մը օր ետք, կատարեցին շարք մը ձերբակալութիւններ: Այսինքն ոճիրը անյայտ չմնաց եւ քննութիւնները կրնան յաւելեալ մանրամասնութիւններ սփռել դէպքին մասին: Մնացածը դատ- դատաստանի խնդիր է:
Սակայն ցարդ անլոյծ կը մնայ Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան պարագան: Ոճիրը տեղի ունեցաւ երկու տարի առաջ գրեթէ այս օրերուն (Ապրիլ 1ին), ցերեկով, նոյն գիւղին մէջ: Պռօշեանը Երեւան չէ. իր չափով, հաւանաբար տեղաւորուի Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին եւ քովնտի մէկ երկու թաղերու տարածութեան մէջ: Բայց մինչեւ այսօր, ոչ մէկ հաւաստի տուեալ կայ ըլլա՛յ բլթակը քաշած յանցագործին, ըլլայ հաւանական պատուիրատուին կապակցութեամբ: Պետական համապատասխան սպասարկութիւնները բան չըսող «քննութիւնները կը շարունակուին» խօսքէն զատ ոչինչ ունին ըսելիք, մոռնալով, որ իրենց այս կեցուածքով, Հայաստանի Հանրապետութեան օրինապահ ու օրինական համակարգին հաւաստիութիւնը կը սկսի զերոյի հաւասարիլ:
Այս յօդուածագրին խոր համոզումով, քաղաքական կամքի բացակայութեան խնդիր կայ հոս: Տրամաբանական չէ, որ գիւղի մը մէջ օր ցերեկով եւ հրազէնով մարդ սպաննուի (այս պարագային՝ գիւղապետը) եւ պետական համապատասխան մարմինները երկու տարի անճրկած մնան, գլուխնին քերեն՝ թէ ո՞վ սպաննեց կամ սպաննել տուաւ Հրաչ Մուրատեանը…:
Այս ոճիրին անյայտ մնալը մուր է, քսուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ճակտին: Ի վերջոյ, Հայաստանի շահերուն համար շատ ալ տաք-պաղ չ՛ըներ, թէ ո՞վ խորտակեց մալեզիական օդանաւը Ուքրանիոյ մէջ: Բայց մեր երկրին ներքին ու արտաքին հաւաստիութեան համար, բայց մանաւանդ արդարութեա՛ն համար, իշխանութիւնները պարտաւոր են բացայայտել Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան ծալքերը եւ սրբել այս մուրը մեր երկրին ճակտէն:
Լոս Անճելըս,
Ապրիլ 1, 2015
vproodian@gmail.com