Արդարեւ, Կիրակի 29 Մարտի երեկոյեան Կլենտէյլի Ս. Աստուաածին եկեղեցւոյ սրահը լեցուած էր Սարգիս Զէյթլեանի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին մասնակցելու համար հաւաքուած՝ Լոս Անճելըսի տարբեր շրջաններէն եկած հայորդիներու բազմութամբ մը, որ դիմաւորուեցաւ Ռուբէն եւ Գրիգոր Յարութիւնեններու տուտուկի նուագով:
Առանձնաբար յուզիչ էր Սարգիս Զէյթլեանի տիկնոջ՝ Սոնայի, որդւոյն՝ Հրազդանի, դուստրերուն՝ Սալբիի ու Կարինի ներկայութիւնը ձեռնարկին:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ կազմակերպուած յիշատակի երեկոյի բացումը կատարեց Կեդրոնական կոմիտէի հանրային յարաբերութեանց գրասենեակի վարիչ Սարօ Նազարեան:
Յայտագիրի առաջին բաժինով ներկայացուեցան երկու տեսաներիզներ, առաջինը՝ Սարգիս Զէյթլեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին, իսկ երկրորդը՝ իր կողմէ արտասանուած ճառի մը ընկերակցութեամբ դարձեալ Զէյթլեանի կեանքի զանազան դրուագներ պատկերող նկարներու շարք մըն էր:
Ապա Նայիրի Փանոսեան Յակոբ Յակոբեանի բանաստեղծութիւններէն մէկը արտսանեց:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը փոխանցեց մարմինին անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեան: Կեդրոնական կոմիտէի պատգամը կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ այսօրուան Օրը Օրին սիւնակով:
Երաժշտական ընդմիջումէն ետք բեմը հրաւիրուեցաւ «Դրօշակ»ի նախկին խմբագիր, հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեանը, որ յատկապէս այս առթիւ հրաւիրուած էր Աթէնքէն:
Պէրպէրեան իբրեւ «Ազդակ-Շաբաթօրեակ Դրօշակ»ի գլխաւոր խմբագիր, Սարգիս Զէյթլեանի օգնական՝ մօտէն ճանչնալու առիթ ունեցած էր Դաշնակցական ղեկավար գործիչը: Հաւանաբար այդ մօտիկութիւնն էր պատճառը, որ Պէրպէրեանի ելոյթը ստացաւ անմիջականութեան շեշտ մը, որ իրեն կապեց ներկաները: Պէրպէրեանի ելոյթէն այստեղ պիտի ներկայացնենք հատուածներ, բանախօսին կողմէ տրամադրուած մասնակի արձնագրութենէն կազմուած:
ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ
Գաղափարի Մարտիկը
Վահանով կա՛մ վահանի վրայ:
«Հին աշխարհի մէջ, երբ հայրենիքը վտանգի մատնուէր, ճակատ ղրկուող զինուորին ուղղուած գերագոյն հայրենասիրութեան եւ գերազանց կարգապահութեան ամէնէն վսեմ պատգամը ա՛յս էր.- Վահանով կա՛մ վահանի վրայ:
«Արդարեւ, հայրենիքի փրկութեան միակ ուղին, կենարար միա՛կ ելքը հերոսական այս վճռակամութեան, գերագոյն զոհաբերութեան այս պատրաստակամութեան մէջ էր,- յաղթել կա՛մ մեռնիլ վասն հայրենեաց»:
Այսպիսի՛ թեւաւոր եւ պատկերաւոր խորհրդածութեամբ ու սերունդներ ոգեշնչող պատգամով՝ Սարգիս Զէյթլեան կը խտացնէր Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած կենաց-մահու մարտահրաւէրը 1976ին, Լիբանանը զգետնած քաղաքացիական երկարամեայ պատերազմի առաջին հանգրուանի ամէնէն թէժ պահուն:
Սփիւռքի ամէնէն կենսունակ օճախին ու արիւնատար երակին սպառնացող կազմալուծման վտանգը, յատկապէս արտագաղթի տարտղնող ալիքը դիմագրաւելու համար՝ «Վահանով կա՛մ վահանի վրայ» նշանաբանով պայքարի դաշտ նետուելու այդ կոչը նաեւ իր սեփական օրինակով շնչաւորեց Սարգիս Զէյթլեան անուն Գաղափարի Մարտիկը, որուն անարգ առեւանգման եւ տմարդի սպանութեան 30րդ տարելիցը ոգեկոչելու համար հաւաքուած ենք այս սրահին մէջ:
Մեզ հաւաքած է մանաւանդ մեծակշիռ վաստակը Մտաւորական Մարդու, Քաղաքական Հայու եւ Մարտունակ Դաշնակցականի ինքնուրոյն համադրումը մարմնաւորող Սարգիս Զէյթլեանի, որ նոյնինքն կեանքը ընկալեց եւ իմաստաւորեց իբրեւ անդուլ պայքար մը՝ «Վահանով կամ վահանի վրայ» նշանաբանով:
Ա) ԱՌԵՒԱՆԳՈՒՄԸ ԵՒ ՎԱԽՃԱՆԸ
28 Մարտ 1985ին, կէսօրուան ժամերուն, իր վարորդին՝ Կ. Գոլանճեանի ընկերակցութեամբ, սեփական ինքնաշարժով Պէյրութի Ճեմարանէն դուրս եկած պահուն, ընկեր Սարգիս Զէյթլեան առեւանգուեցաւ անծանօթ զինեալ տարրերու կողմէ եւ անյայտ ուղղութեամբ տարուեցաւ ու անհետ կորսուեցաւ…
Թէեւ առեւանգումէն քանի մը օր ետք կարելի եղաւ բացայայտել, որ առեւանգողները թաղեցի (Զոքաք էլ-Պլաթ) ճոմպլաթական զինեալներ էին, իսկ առեւանգման պատուիրատուն Ասալա անունին տակ գործող խմբաւորումներէն այսպէս կոչուած Յակոբ Յակոբեանի գլխաւորած թեւն էր, այսուհանդերձ՝ առեւանգուած մեր ընկերոջ որո՞ւն յանձնուած ըլլալուն, ո՞ւր տարուած ըլլալուն կա՛մ ի՞նչ վիճակի մատնուած ըլլալուն մասին ճշգրիտ տուեալներ չբացայայտուեցան: Յաջորդ օրերուն եւ ամբողջ շաբաթներ, ապա եւ ամիսներ թափուած ճիգերն ու հետապնդումները ապարդիւն անցան: Օրին պատասխաատուութեան վրայ գտնուող կամ անպաշտօն ընկերներ, տիկին Սոնա Զէյթլեանի կողքին եւ անոր ամէնօրեայ դիմումներուն ու անխոնջ հետապնդումներուն մղումով, ամէն ճիգ թափեցին, նաեւ քաղաքական եւ պետական ամէն կապ ու ծանօթութիւն ի գործ դրին՝ առեւանգեալ մեր ընկերոջ եւ անոր ընկերակիցին ճակատագրին վերաբերեալ ստոյգ տուեալներ ձեռք ձգելու եւ ազատ արձակումը ապահովելու համար:
Բայց այդ ամէնը ապարդիւն անցաւ:
Մանաւանդ որ առեւանգումը գործադրած եւ ընկեր Զէյթլեանը թաքստոցէ թաքստոց տեղափոխած վարձկանները, իրենց հետքերը ամբողջապէս ծածկելու մտօք, կիրարկեցին սխալ տեղեկութիւններով փնտռտուքները ապակողմնորոշելու եւ ժամանակ շահելու մարտավարութիւն մը:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի այդ փուլը, սուրիական բանակային ուժերու Պէյրութէն եւ Լեռնալիբանանէն լրիւ հեռանալու պայմաններուն մէջ, նման վարձկաններու գործունէութեան պարարտ հող կը տրամադրէին:
Հետեւաբար, ենթադրութիւններու կամ կցկտուր տեղեկութիւններու հոսքը միշտ շարունակուեցաւ եւ յոյսերով օրօրեց բոլորս, բայց որքան ժամանակը անցաւ, այնքան ցամքեցան մեր պատասխանատու ընկերոջ ողջ մնալու եւ ազատութեան վերադառնալու յոյսերը: Աւելի՛ն. պարզ ու յստակ դարձաւ, որ Յակոբ Յակոբեանի Ասալան եւ անոր կողքին կանգնած օտար ուժերը, որոնք լիբանանեան պատերազմի այդ յատուկ փուլին շահագրգռուած էին նաեւ հայութիւնը ներքին՝ եղբայրասպան արիւնահեղութեան մէջ մխրճելու հաշիւներով, ձեռքէ ձեռք փոխանցեցին եւ գործածեցին առեւանգեալ մեր ընկերը՝ Դաշնակցութեան եւ Հայ Դատի ուժական պայքարին՝ թրքական թիրախներու դէմ ծաւալած հայկական ահաբեկչական գործունէութեան միջեւ կապերը հետազօտելու եւ ընդհանրապէս Դաշնակցութեան սրտամօտ նկատուած Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներուն գործունէութեան վերջակէտ դնելու նպատակով:
Այդ դժուարին ժամանակաշրջանին բոլոր ծալքերուն քննարկման առիթն ու տեղը չէ այս հաւաքը: Մանաւանդ որ Դաշնակցութիւնը այդ գծով իր սպառիչ գնահատականը դեռ չէ կատարած կամ հրապարակած այն զարգացումներուն մասին, որոնց հետեւանքով Ասալա անունին տակ գործող տարբեր խմբակներ կամ գործիչներ հակաթուրք ուժական պայքարին մէջ բացին հակադաշնակցական զինեալ գործողութեանց ուղղութիւն մը՝ վիրաւորելով եւ սպաննելով դաշնակցական պատասխանատու ընկերներ ինչպէս Սարգիս Զէյթլեանէն առաջ, այնպէս եւ այնուհետեւ:
Այսքանին կ՛անդրադառնամ միայն այն նկատառումով, որ հարկ է ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի ողբերգական վախճանը ընկալել Դաշնակցութեան դէմ Ասալայի կողմէ բացուած հիւանդագին պայքարի ծիրին մէջ: Հիւանդագին է այդ պայքարը, որովհետեւ Ասալան ոչ միայն թափանցման պարարտ հող դարձաւ այսպէս կոչուած հայկական ահաբեկչութեան ընդյատակեայ կազմակերպութիւնները հակակշռելու նպատակ ունեցող թրքական թէ մեծապետական ուժերուն համար, այլեւ իբրեւ միջոց գործածուեցաւ սփիւռքահայ քաղաքական ամէնէն կազմակերպ ուժը ահաբեկչական խմբակներու ներքին հաշուեյարդարին մէջ ներքաշելու, եղբայրասպան կռիւի մէջ մխրճելու եւ ընդհանրապէս Հայ Դատի ուժական պայքարը վարկաբեկելու համար:
Դաշնակցութիւնը իր 24րդ Ընդհանուր Ժողովին՝ 1988ի ամառը, սպառիչ քննարկումը կատարեց ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման եւ սպանութեան ամբողջական թղթածրարին՝ լայնօրէն անդրադառնալով Ասալայի այսպէս կոչուած «մայր թեւ»ին ծանրագոյն պատասխանատուութեան: 1983ին Յակոբ Յակոբեանի կողմէ Պեքաայի մէջ արգելափակուած ասալայական Մոնթէ Մելքոնեան եւ իր համախոհները յաջողեցան, արտաքին օժանդակութիւն ստանալով, սպաննել զիրենք արգելափակման մէջ պահող ասալայականները եւ փախուստ տալ տուեալ ճամբարէն: Մոնթէի եւ ընկերներու փախուստին, պատսպարման եւ Լիբանանէն դուրս բերման համար Յակոբ Յակոբեան պաշտօնապէս մեղադրեց, ֆրանսական իշխանութեանց կողքին, նաեւ Դաշնակցութիւնը եւ սպառնաց մահապատիժով մաքրել հաշիւը Մոնթէին եւ ընկերներուն, «խոստանալով» միեւնոյն սպառնալիքէն բաժին հանել նաեւ Դաշնակցութեան:
Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան ուղղակի թիրախ չէր ասալայական այդ ներքին հաշուեյարդարին եւ անոր հետեւող հակադաշնակցական հիւանդագին մաղձին: Իբրեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Մամուլի ու Քարոզչութեան պատասխանատու՝ ընկեր Զէյթլեան բացառապէս քաղաքական եւ գաղափարական գնահատում ունէր Ասալա երեւոյթին մասին եւ, առ այդ, ի վիճակի չէր եւ բնաւ ի վիճակի չեղաւ լրիւ պատկերացումը ունենալու այն ուղղակի թշնամանքին, որուն մղումով հայանուն ասալայականներ իրապէս կրնային այդ աստիճան տմարդի՝ եղբայրասպան գործունէութիւն ունենալ:
Այդ մօտեցումով եւ մտածողութեամբ, Ասալայի հակադաշնակցական սպառնալիքներուն քաջատեղեակ ըլլալով հանդերձ, ընկեր Զէյթլեան ուղղակի թշնամի չէր տեսներ Ասալայի մէջ, ասալայականներուն դէմ պաշտպանուելու կարիքը չէր զգար եւ կ՛անտեսէր Արեւմտեան Պէյրութի մէջ թիկնապահներով շրջագայելու օրուան մեր պատասխանատու ընկերներուն յորդորները:
Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգումը, հետեւաբար, կը ծառայէր դաշնակցական ղեկավարութեան «մատչելի» թիրախ մը ձեռք անցընելու եւ նոյնինքն Դաշնակցութեան դէմ իբրեւ ճնշամիջոց գործածելու Յակոբ Յակոբեանի հաշիւներուն:
Իսկ առեւանգումէն ետք, երբ Դաշնակցութեամբ շահագրգռուած եւ Ասալայէն անդին ու վեր գտնուող ուժեր իրենց հասողութեան տակ ունեցան Սարգիս Զէյթլեանի կարեւորութեամբ եւ ազդեցութեամբ մեծակշիռ դաշնակցական ղեկավար մը, բնականաբար փութացին մինչեւ վերջին շունչ գործածելու իրենց ձեռքը ինկած ՀՅԴ ղեկավար գործիչը, ի վերջոյ անյայտ տեղ մը զինք սպաննելու եւ անհետացնելու մտադրութեամբ:
Այդպէս ալ եղաւ եւ Դաշնակցութիւնը ընկեր Զէյթլեանի սպանութեան պայմաններուն եւ թաղման հաւաքական գերեզմանին մօտաւոր տեղին շուրջ ուղղակի յանցագործներէ խոստովանութիւններ ունենալով հանդերձ, տակաւին ի վիճակի չէ ստուգապէս գտնելու նահատակ մեր մեծ ընկերոջ աճիւնը եւ վերջնական անդորրին արժանացնելու զինք:
Այդ պատճառով ալ, Սարգիս Զէյթլէանի առեւանգումը, սպանութիւնը եւ անհետացումը, ահա երեսուն տարիէ ի վեր, կը շարունակեն խոցել սիրտն ու միտքը բոլորիս, առաջին հերթին իր ընտանեկան հարազատներուն, ապա գաղափարական իր ընտանիքի անդամներուն, հուսկ եւ իր շունչին տակ կազմաւորուած կամ իր գաղափարներով ու պատգամներով առաջնորդուող բազմութիւններուն:
Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան կը շարունակէ մեր ուղին լուսաւորել ոչ միայն իր գործով ու խօսքով, այլեւ «Վահանով կամ վահանի վրայ» պայքարելու յանձնառութիւնը յաւերժացուցած իր ողբերգական վախճանով:
Բ) ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿԸ
Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան Մտաւորական Մարդու յատուկ տեսակ մըն էր:
Անշուշտ, շեշտակիօրէն դաշնակցական նկարագիր ունէր Զէյթլեան մտաւորականը:
Գաղափարին եւ խօսքին պաշտամունքը ունէր, բայց գործով խօսքը պայմանաւորելու եւ յանձնառութեամբ գաղափարը արժեւորելու դաշնակցական գիծ ունէր:
Հրապարակագիր չեղաւ բառին սոսկ մամլոյ ուխտաւոր մը ըլլալու իմաստով:
Հրապարակագիր եղաւ՝ սեփական մտածողութիւնը իր կուսակիցներուն ընդհանուր մօտեցումը դարձնելու եւ, այդ ճամբով, մեր ժողովուրդին մտածողութիւնը մշակելու առաջադրութեամբ:
Ընթերցումը եւ գրելը առօրեայ իր պարապմունքն էր ու կիրքը: Ես այդպէս ճանչցայ ընկեր Սարգիսը, նոյնիսկ երբ տարուած չէր իր ընթերցումներով կամ յօդուածագրութեամբ, այլ պարզապէս կը զրուցէր գործակիցի մը կամ այցելուի մը հետ, անպայման գրական, գաղափարական կամ քաղաքական օրակարգ մը խօսակցութեան նիւթ պիտի դարձնէր:
Բիւրոյի գրասենեակներուն անձնակազմը ի մի բերելու եւ հաւաքական քննարկման օրակարգով բոլորս գաղափարական մէկ ընդհանուր մթնոլորտով վարակելու շնորհքն ունէր:
Գաղափարի մարտիկ էր՝ ընկերական մեր կազմերուն եւ ընդհանրապէս մեր երիտասարդութեան կարգախօս տալու, քաղաքական եւ գաղափարական գործի ուղղութիւն հունաւորելու իմաստով:
Օրինակ՝ երբ Աջի ու Ձախի միջեւ պայքարը սաստկացած էր, ընկեր Զէյթլեան դաշնակցական միջինը պիտի գտնէր այն բանաձեւումով, թէ աջ ենք՝ եթէ աջը մեր իրաւունքներուն կողմնակից է, իսկ ձախ ենք՝ եթէ ձախէն պիտի շահի հայ ժողովուրդը:
Գ) ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐԵՒԵԼՈՒՄԻ ԴՐՕՇԱԿԻՐԸ
Սարգիս Զէյթլեան գաղափարական իր կազմաւորումը ապրեցաւ ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Պաղ Պատերազմը թափ առած էր եւ Դաշնակցութիւնը հակահամայնավար պայքարին մէջ կը տեսնէր Հայ Դատին ի նպաստ միջազգային բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու հեռանկարը:
Միաժամանակ՝ Հայաստանը եզերող ամբողջ աշխարհամասը կ՛եռեւեփէր ազգային-ազատագրական եւ ձախակողմեան շարժումներու մակընթացութեան պայմաններուն մէջ:
Երրորդ Աշխարհի շղթայազերծման մթնոլորտին մէջ՝ Սարգիս Զէյթլեան առաջնահերթ մարտահրաւէր նկատեց Հայկական Արեւելումի՝ օրիանթացիայի մշակումը, որպէսզի Հայ Դատի ռազմավարութիւնը խարսխուի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ հաւասարակշռութեան հիմքին վրայ:
Հայկական արեւելումին համար էական պայմանը հայ հասարակական եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն քաղաքական ինքնահաստատումն է:
Հայ Համայնավար Կուսակցութեան ձեւաւորման ջատագովը եղաւ, որպէսզի ազգային իր հունը գտնէ հայ քաղաքական մտքի ծայրայեղ ձախ թեւը:
Տնտեսական հզօրանքի գաղափարախօսութեան սատար կանգնեցաւ, որպէսզի հայ դրամատէր խաւը ազգային յանձնառութեան իր կազմակերպութիւնը գտնէ: Արմինիըն Էսեմպլին քաջալերեց այդ իմաստով:
1972ի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութեանց ատեն նուաճեց 7 հոգինոց հայկական երեսփոխանական պլոքի գաղափարը:
Դ) (այս բաժնով Պէրպէրեան ներկայացուց Հայկական Հարցի քաղաքական լուծման եւ հայեւթուրք յարաբերութեանց քաղաքական կարգաւորման ռազմավարութեան Զէյթլեանական պատկերացումը):
Ե) Հայաստանի ազգային, մշակութային եւ հասարակական ինքնուրոյն զարգացման եւ իբրեւ քաղաքական ինքնուրոյն ուժի կազմակերպման հրամայականը:
Զէյթլեան Հայաստանի ամէնօրեայ կեանքը դարձուց կիզակէտը սփիւռքահայ մամուլի առօրեայ հետաքրքրութեան:
Իրեն համար կենսական նշանակութիւնը ունէր հայերէնի պետական գործածութիւնը եւ անաղարտ պահպանումը՝ իբրեւ պայքարի միջոց ռուսականացման վտանգին դէմ: Սերօ Խանզադեանի եւ Սիլվա Կապուտիկեանի ելոյթներուն ան հրապարակաւ տէր կանգնեցաւ:
Ռաֆայէլ Իշխանեանի ջերմ ձայնակցողն ու աջակիցը եղաւ:
Զ) Դաշնակցութեան նորացման եւ երիտասարդացման, այլեւ ՀՅԴ աւանդներու նորովի պահպանման ու զարգացման յառաջապահը եղաւ ընկեր Զէյթլեան:
ՀՅԴ Ծրագրի վերամշակման մէջ մեծ է իր ներդրումը:
ՀՅԴ ապակեդրոնացումը նաեւ հորիզոնական ընկալումով ամրապնդելու հրամայականը ինքն է որ ջատագոված է:
Ինք ընկերվարութեան գրաւականը ազատութեան մէջ կը տեսնէր:
(Յատկապէս վերջին գլուխներու այս ամփոփ ներկայացումը արդար պատկերացում մը չի տար Պէրպէրեանի ելոյթին: Յոյսով ենք, որ ան այս բաժինները աւելի հանգամանօրէն վերարտադրելու ժամանակը պիտի գտնէ: Մեր յոյսը հիմնաւորուած է այն փաստին վրայ, որ Պէրպէրեան ներկայիս Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան յանձնարարութեամբ, կ՛աշխատի Սարգիս Զէյթլեանի մասին մենագրութեան մը վրայ- «ԱՍՊԱՐԷԶ»:)
Ոգեկոչական այս հանդիսութիւնը փակուեցաւ առաջնորդ սրբազան Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի խօսքով եւ աղօթքով: