ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
1973ի՛ն իսկ ան պիտի յայտարարէր՝ «Հայ Մարդը, հայ քաղաքական միտքը, հայ երիտասարդութիւնը ամէնո՛ւր պարտաւոր են վերցնելու պատմութեան նետած ձեռնոցը»: Եւ այդ ձեռնոցը ընկեր Զէյթլեանին համար Հայ Դատի լուծումն էր, որ ՀՅԴ Ծրագիրէն եւ Ընդհանուր Ժողովներու որոշումներէն թելադրուած ան պիտի սահմանէր իբրեւ «Միացեալ Հայաստանի եւ անկախ ու ամբողջական հայութեան վերակերտումը: Վերահայացումը Հայկական լեռնաշխարհին եւ հայրենացումը տարասփիւռ հայութեան»:
Ճառագայթող անձիք կազմակերպութիւններու թէ ժողովուրդներու կեանքեր ներս կը մտնեն լայն դռնէն, որոնք կը դիւրացնեն գրաւիչ տեսլականին սահմանումը, որոնք կը ճգնին բաժնելու էականը անկարեւորէն, որոնք լաւապէ՛ս կը բացատրեն նպատակը եւ կը յստակացնեն ուղին՝ հասնելու կիզակէտին, իրենց ետին խտացնելով բազմամարդ շարքերը, որոնք կ՛որոնեն միջոցներն ու կը լարեն կարողականութիւնները, որոնք ձեռքերը իմաստաւորելու համար միտքերը կը պատրաստեն, որոնք կը գերադասեն ընդհանրական շահը մասնակիէն, որոնք պատկերը իր մեծ ծաւալով կը տեսնեն ու չեն կորսուիր մանրուքին մէջ, որոնք գիտեն որ եսը անցողակի է, սակայն ազգն ու հայրենիքն են որ պարտին վերածուիլ մնայունի, որոնք անիրաւութիւնը մի՛այն արդարութեամբ սրբագրուած կը տեսնեն:
Ահա՛ այդ չափազանց հազուագիւտներու շարքին է ընկեր Զէյթլեանը, որ իր այդ ճառագայթով լուսաւորեց մեր շրջապատը, եւ սոսկ այդ քաղաքական եւ յեղափոխական հասունութեամբ թրծուած շրջապատով, իմա՝ լման սերունդի մը հասունացման օգնեց, որ գիտցաւ ծառանալ իր ազգային դատը ուժականօրէն պաշտպանելու, ի հեճուկս Սփիւռքով մէկ մեզի պարտադրուած անբարենպաստ պայմաններուն եւ շղթայուած Խորհրդային Հայաստանով մը, որուն ձայնը լաւագոյն պարագային դժուարութեամբ լսելի կը դառնար:
Յիշեցէ՛ք, կը խօսինք 1970ական եւ 1980ական թուականներուն մասին:
Մարդիկ եւ ղեկավարներ կու գան բայց չե՛ն մեկնիր, կը մահանան բայց չեն մեռնիր: Եւ ա՛յս՝ որովհետեւ իրենց ստեղծած կամ ջատագոված պայքարը կը հմայէ զանգուածներ, յոյս եւ հաւատք կը ներշնչէ փայլուն ապագային հանդէպ՝ խթանիչ մթնոլորտ մը զարգացնելով: Ահա այդ մահացած բայց չմեռնողներու շարքին է այսօր ընկեր Զէյթլեանը, եւ ահա այդ պատճառով է որ Կեդրոնական կոմիտէս կազմակերպեց այս յուշերեկոն, անգամ մը եւս գօտեպնդուելու ընկեր Սարգիսի, եւ գործով առաջնորդող այդ սերունդի գծած ճամբու տեսլականով: Այլապէս եւ անկախ ընկեր Զէյթլեանի հակադաշնակցական մութ ուժերու ձեռքով առեւանգման եւ տմարդի կերպով ահաբեկման երեւոյթէն, այսօր ո՛չ սգահանդէս է, ո՛չ ալ տարելիցի յիշատակման առիթ, այլ առիթ մը վերանորոգուելու եւ վերաթարմանալու դաշնակցական գաղափարական մարտունակութեամբ, որուն եզակի եւ լիիրաւ թարգմանը եղաւ ի՛նք, ընկեր Սարգիսը:
Ան պիտի ըսէր՝ «…ամէն ուղի, ամէն միջոց, պէտք է մեզ առաջնորդէ Հայ Դատի լուծման: Եւ նուիրական են այն բոլոր ուղիները, որոնք մեզ կ՛առաջնորդեն դէպի մեր Հռոմը: Իսկ այս ճանապարհին վրայ… ամէն խոտորում մերժելի է պարզապէս: Մերժելի է, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ կը դառնան հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերը, հայ ժողբուուրդի ֆիզիքական գոյութի՛ւնն իսկ:»
Ան պիտի ըսէր. «Առանց հայրենի հողի, առանց սեփական հայրենիքի մեր ամէն ինչը աւազի եւ փոշիի կը վերածուի ի վերջոյ: Մեզի չեն մնար ոչ միայն աշխարհ մը քրտինքով ու տաղանդով կուտակուած իմացական, բարոյական եւ նիւթական անսահման հարստութիւններ, այլեւ նոյնինքն մեր արեան ու էութեան ծնունդ յաջորդող սերունդները, մեր զաւակներն ու թոռները:»
Քիչ ետք լսելու ենք մեր օրուան պատգամաբեր ընկերոջ: Ուշադրութեամբ հետեւեցէք ընկեր Զէյթլեանի գործի մասին անոր ներկայացնելիք թէզերուն եւ գաղափարներուն, Հայկական Արեւելումէն մինչեւ երիտասարդութեան քաղաքականացման եւ մարտունակ ոգիի զարագացման մօտեցումները, հայրենի իրականութիւնը ամէնօրեայ ուշադրութեան առանցքը դարձնելու կարեւորութենէն մինչեւ «հայ ազատագրական պայքարը հայ ժողովուրդի փրկութեան միակ փրկարար ուղին տեսնելը եւ բազմաթիւ այլ միտքեր ու կեցուածքներ, որոնք նիւթ, աւիշ եւ լիցքաւորում տուին 1960ական, 1970ական եւ 1980ական թուականներու սփիւռքահայ երիտասարդութեան կազմաւորման: Աւելի՛ն այս բոլորը օգտակար եղան Հայաստանի մէջ իր դողդոջ մանկութիւնը ապրող եւ խորհրդային ճնշումներուն ենթակայ խիզախ հայաստանահայ երիտասարդութեան եւ ազգայնական շարժումին հետ կամրջումին, յատկանշկանօրէն արցախեան մարտի նախօրեակին: Եւ այս բոլորո՛վ դո՛ւք պիտի կարենաք հաստատել, թէ որքան այժմէական են այս գաղափարներն ու մօտեցումները այսօ՛ր իսկ, հիմա որ Հայաստանը աւելի քան երկտասնեակ մը տարիներէ ի վեր անկախացած է: Դուք պիտի տեսնէք, թէ որքա՛ն այժմէական են իր այս միտքերը այսօրուան Սփիւռքով մէկ աշխարհացրիւ հայ երիտասրդութեան պարագային: Որքանո՛վ այժմէական են մեր շարքերուն, համակիրներուն:
Սարգիս Զէյթլէան եղաւ «Յուսաբեր»ի, «Ազդակ»ի եւ «Դրօշակ»ի պատասխանատու խմբագիր, պատասխանատու ՀՅԴ Մամլոյ Դիւանի, եղաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ գաղափարախօս, Դաշնակցական միտքի եւ գործի քաղաքական, քարոզչական եւ ցուցական պայքարի մշակ, երիտասարդութեան քաղաքականացման, կազմակերպուածութեան եւ յեղափոխականացման կերտիչ ու ճարտարագէտ, եղաւ Հայկական Արեւելումի դպրոցի դարբին, եղաւ ազգային գաղափարաբանութեան հաւատաւոր եւ անձնուրաց մարտիկ: Ահա՛ թէ ինչու այսօր հոս ենք, այդ շունչով անգամ մը եւս վերընձիւղուելու:
Վերջապէս, ինչքա՛ն արդարացիօրէն ընկեր Զէյթլեան պիտի գրէր 1983ին՝ «ո՛րքան բազմանայ ինկողներուն թիւը յանուն հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներուն եւ արդարագոյն Դատին, այնքա՛ն աւելի պիտի բազմապատկուի ծառացողներուն եւ պայքարի ասպարէզ նետուողներուն համրանքն ու վճռակամութիւնը:» Որքա՛ն դիպուկ, իմաստալից եւ տեղին պատգամ:
Յիշատակդ, վաստակդ եւ գաղափարներդ անթառամ մնան ընկե՛ր Սարգիս: