Ժապաւէնը վաւերագրած են Փօլ Քալինեան եւ դուստրը՝ դոկտ. Սիւզի Քալինեան: Անիկա լուսարձակի տակ կը բերէ աշխարհահռչակ գրողին կեանքը՝ մանկութենէն սկսեալ, մինչեւ հռչակի տիրացումը, վեր առնելով շուրջ 60 տարիներու վրայ երկարող վաստակը, նկարագրային գիծերը, աշխարհընկալումն ու մտածումները: Ինչպէս ծանօթ է, Սարոյեանի գրականութեան մէջ իր հայկական պատկանելիութիւնը միշտ ալ տիրապետող տարր եղած է, իսկ մարդկայնականութիւնը արդէն կը կազմէ անոր գրականութեան ամէնէն հիմնական յատկանիշը, իր շօշափած բոլոր նիւթերուն մէջ, անոնք ըլլան հայութեան թէ ամերիկեան կեանքէն վերցուած:
Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ ժապաւէնին ներկայացման մասնակից եղած են նոյնինքն Սարոյեան, ինչպէս նաեւ ֆիլմարուեստի աշխարհի նշանաւոր աստղերէն Մայք Քանըրզ (Գրիգոր Օհանեան):
«Մեր ժողովուրդը հրաւիրուած է ներկայ ըլլալու այս երեկոյթին, որ նաեւ յարգանքի արտայայտութիւն մըն է գրական մրցանակներու տիրացած ֆրեզնոցի մեծ գրողին», նշուած է առաջնորդարանի հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի նաեւ կարգ մը վարժարաններու մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.