ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Աշխարհի 40 երկիրներէ 100 երաժիշտներ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Ապրիլ 24ին պիտի մասնակցին Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած համերգին:
Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն տեղեկացուցած են, որ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Ապրիլ 24ին՝ ժամը 20։15ին, տեղի պիտի ունենայ «24/04 Orchestra» նուագախումբի համերգը:
Աշխարհի աւելի քան 40 երկիրներէ Հայաստան պիտի ժամանեն շուրջ 100 երաժիշտներ, միանալով իրենց հայ գործընկերներուն՝ բացառիկ այդ համերգով բազմազգ երաժիշտները հանդէս պիտի գան խաղաղութեան, սիրոյ, մարդասիրական կոչերով: Համերգը պիտի ղեկավարեն խմբավարներ Սերգէյ Սմբատեան, Յովհաննէս Չէքիջեան, Ճանլուքա Մարչիանոն եւ Միխայիլ Եուրովսքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.