ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 3 Ապրիլին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ Հայաստանի զինուած ուժերու հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) եւ օդանաւորդութեան ստորաբաժանումները այսօր ի զօրու են դիմակայելու եւ յետ մղելու հակառակորդի օդային յարձակումները: Հայկական զինուժի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը օրն ի բուն կը հսկէ Հայաստանի օդային սահմաններուն:
Խորհրդակցութեան բացումը կատարելով եւ ներկայացնելով օրակարգին մէջ տեղ գտած հարցերը՝ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան կարեւոր նկատած է ՀՕՊ զօրքերու դերակատարութիւնը ազգային բանակի մարտունակութեան ապահովման պարունակին մէջ:
Խորհրդակցութեան ընթացքին ՀՕՊ համակարգի ներկայ վիճակին, 1 Մարտ 2014էն մինչ այս տարուան 1 Մարտ երկարած ժամանակաշրջանին կատարուած աշխատանքներուն, օդաչուական անձնակազմի մասնագիտական կարողութիւններու բարձրացմանն ուղղուած ծրագիրներուն մասին հաշուետու զեկոյցներով հանդէս եկած են զինուած ուժերու շարք մը վարչութիւններու պետեր։
Բանախօսները հանգամանալից կերպով անդրադարձած են մարտական հերթապահութեան, ենթակայ ստորաբաժանումներուն մէջ մարտական առաջադրանքներու կատարման ու զօրահաւաքային պատրաստականութեան, անձնակազմի թռիչքային, անկարգելային դրութեան, երկրաչափական համակարգի պատրաստութեան ռազմաօդային համակարգի շահագործման ու պահպանման հարցերուն։
Ամփոփիչ զեկոյցին մէջ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր ղեկավարման մարմինի պետի տեղակալ, զօր. Ստեփան Գալստեան հաստատած է, որ՝ «հաշուետու ժամանակահատուածում ընդհանուր առմամբ պատշաճ կերպով իրականացուել են ԶՈՒ պատրաստութեան պլանով նախատեսուած բոլոր միջոցառումները եւ ենթակայ ստորաբաժանումներն ունակ են կատարելու իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրները»:
Խորհրդակցութիւնը ամփոփելով՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան կատարուելիք աշխատանքներու կազմակերպման եւ զօրատեսակի մարտունակութեան առաւել բարձրացման նպատակով տուած է համապատասխան յանձնարարականներ եւ ցուցումներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.