
ԵՐԵՒԱՆ, «Թեր».- Թրքական «Էվրենսել» կայքը կը գրէ, թէ հայերէնով եւ թրքերէնով գիրքեր հրատարակող Պոլսոյ մէջ գործող «Արաս» հրատարակչութիւնը հրապարակած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հատորներ, ներառեալ՝ «Աւերակներու Մէջ» եւ «Վերադարձ Չկայ» խորագիրներով գիրքերը:
Առաջինը Զապէլ Եսայեանի հեղինակած գիրքն է, զոր թրքերէնի թարգմանած է Կայուշ Չալըքման Կաւրիլոֆ: Գիրքին հեղինակը 1909ի Ատանայի սպանդէն երեք տարբեր վկայութիւններ ներկայացուցած էր հատորին մէջ:
«Վերադարձ Չկայ» գիրքը 1915ի Ցեղասպանութեան օրերուն Պուրսայէն Սուրիա երկարած մահուան ճանապարհը կը ներկայացնէ: Ռենան Աքմանի կողմէ թրքերէնի թարգմանուած գիրքը հիմնուած է այդ ճանապարհէն 14 տարեկան տարեկանին անցած Վահրամ Ալթունեանի օրագիրին վրայ: Հօր գրած օրագիրը տարիներ ետք հատորի վերածուած էր անոր դստեր՝ Ժանին Ալթունեանի կողմէ: