Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Ներկայացուցիչներու տան մէջ այս աշխատանքին նախաձեռնած են Հայկական համախմբումի համանախագահներ Ռապըրթ Տոլտ եւ Ֆրենք Փալոն: Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհալակութեան յայտնած է քոնկրեսմէններուն։
Նամակին մէջ շեշտուած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան յստակ ճանաչումը աւելի կենսական է յատկապէս այս տարի, երբ կը նշուի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը։
Ներկայացուցիչներու տան նամակին տակ ստորագրած են 40 քոնկրեսականներ։
Նամակը կարդալու համար այցելել՝
www.anca.org/assets/pdf/misc/040215_House_Genocide_Letter.pdf կայքէջը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.