ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 6 Ապրիլին Հայաստան հասած է Քիմ Քարտաշեանի «Keeping Up With the Kardashians» ռիալիթի շոյի անձնակազմը: Ըստ «Նիուզ»ի փոխանցուած տեղեկութիւններուն՝ 34ամեայ աստղը Հայաստան պիտի ժամանէ 8 Ապրիլին, իր ամուսինին՝ ռեփըր Քանիէ Ուեսթի եւ քոյրերուն հետ:
Աղբիւրը նշած է, որ Քիմ Քարտաշեան Հայաստան կատարած այցելութեան 7 օրերուն ընթացքին պիտի այցելէ Գիւմրի, Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, Ազգային արխիւ, ինչպէս նաեւ Երեւանի կեդրոնը գտնուող բազմաթիւ այլ հաստատութիւններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
proud and honored to have such famous and dear personalities in our community. good job and all the best to Kim and her whole family.