
ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ Քննչական կոմիտէի հրապարակած յայտարարութեան համաձայն՝ իրենց ձեռնարկած միացեալ նախաձեռնութիւններուն իբրեւ արդիւնք կանխուած է 24 Ապրիլ 2015ին հրապարակային նախաձեռնութիւններու կայացման վայրերուն մէջ զանգուածային անկարգութիւններու կազմակերպումը: Նման անկարգութիւններու նախապատրաստութեան առթիւ կոմիտէի Յատկապէս կարեւոր գործերով քննութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ քննուող քրէական գործի ծիրին մէջ ձերբակալուած են «100ամեակը առանց ռեժիմի» շարժման առաջնորդ Ժիրայր Սէֆիլեանը, անոր համախոհներ՝ «Հիմնադիր խորհրդարան»ի անդամներ Վարուժան Աւետիսեանը, Պաւել Մանուկեանը, Գէորգ Սաֆարեանը եւ Գարեգին Չուքասզեանը, Թորոս Սէֆիլեանը (Ժիրայր Սէֆիլեանի եղբայրը)։ Շարժումի Երեւանի կեդրոնական գրասենեակէն ետք խուզարկութեան ենթարկուած են նաեւ «Հիմնադիր խորհրդարան»ի Վանաձորի եւ Գիւմրիի գրասենեակները եւ բերման ենթարկուած են գրասենեակներու պատասխանատուներ՝ «Հիմնադիր խորհրդարան»ի անդամներ Յովհաննէս Ղազարեանը եւ Արամ Յակոբեանը։
«Երկիր»ի համաձայն՝ «Հիմնադիր խորհրդարան»ի անդամ Գագիկ Սարուխանեան փորձած է մտնել շարժումի Երեւանի գրասենեակ, սակայն անոր արտօնութիւն չէ տրուած։ Ըստ Սարուխանեանի՝ այդ տարածքին մէջ խուզարկութիւն կատարելը ապօրինի է, որովհետեւ խուզարկութեան թոյլտուութիւն չկայ, իսկ գրասենեակն ալ արձանագրուած է ոչ թէ «Հիմնադիր խորհրդարան»ի, այլ «Իրաւունք եւ աջակցութիւն» հիմնարկին անունով: Աւելի ուշ տեղեկացուած է, որ բերման ենթարկուած են նաեւ Կարօ Եղնուկեանը եւ «Հիմնադիր խորհրդարան»ի Կապանի գրասենեակի պատասխանատու Գէորգ Գասպարեանը:
Բացի այն, որ Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերի յիշատակի օրը նախատեսուած հրապարակային միջոցառումներն իրենց նեղ շահերին ծառայեցնելու մտադրութիւնը, մեղմ ասած, հեռու է բարոյականութեան սահմաններից, այդպիսի գործողութիւնները միաժամանակ պարունակում են Հայաստանի քրէական օրէնսգրքով նախատեսուած՝ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու առերեւոյթ յանցագործութեան նախապատրաստութեան յատկանիշներ, ուստի Հայաստանի քննչական կոմիտէի ՀԿԳ քննութեան գլխաւոր վարչութիւնում յարուցուել է քրէական գործ՝ ՀՀ քրէական օրէնսգրի 35-225րդ յօդուածի յատկանիշներով, կատարւում է նախաքննութիւն:
Առերեւոյթ յանցագործութեան նախապատրաստութեան բոլոր հանգամանքները բացայայտելու ուղղութեամբ ՀՀ ԱԱԾ օպերատիւ աշխատակիցների հետ համատեղ իրականացւում են անյետաձգելի քննչական գործողութիւններ եւ օպերատիւ-հետախուզական միջոցառումներ, որի արդիւնքների մասին տեղեկութիւն կը տրամադրուի լրացուցի»չ:
Քննչական կոմիտէի համաձայն՝ օրէնքով սահմանուած կարգով անոնց իրաւունքները ճշդուած են. բոլորն ալ ուզած են պաշտպան փաստաբան ունենալ։ Փաստաբանները ներգրաւուած են՝ որպէս պաշտպաններ: