ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբը 2015 տարին կը սկսի իր գլխաւոր գործընկեր՝ «Վիւասէլ-էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան հետ համագործակցութեամբ:
«Վիւասէլ-էմ. Թի. Էս.»ի հետ գործընկերութեան շնորհիւ նուագախումբը՝ որպէս մշակութային դեսպան, կարելիութիւն ունեցած է ոչ միայն համագործակցելու ժամանակակից երաժշտարուեստի մեծ վարպետներու հետ, այլ նաեւ հայկական մշակոյթը եւ հայ կատարողական դպրոցի ձեռքբերումները ներկայացնելու արտասահմանեան բեմերուն վրայ:
«Վիւասէլ-Էմ.Թի. Էս.»ը ուրախ է աջակցել մի կոլեկտիւի (խումբի), որը կազմուած է երիտասարդ, տաղանդաւոր երաժիշտներից: Հաճելի է տեսնել այն ոգեւորութիւնը, նուիրումը եւ բարձր որակ ստանալու ձգտումը, որով աշխատում է նուագախումբը: Անշուշտ, դրանով են պայմանաւորուած կոլեկտիւի յաջողութիւններն ինչպէս Հայաստանում, այնպէս էլ արտերկրում: Մենք փորձում ենք հնարաւորինս նպաստել, որ այս երիտասարդները հայրենիքում մնալու եւ իրենց մասնագիտական ոլորտում լիարժէք ինքնարտայայտուելու եւ կայանալու հնարաւորութիւն ունենան», յայտնած է «Վիւասէլ-Էմ. Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի եւ «Վիւասէլ-էմ.Թի.Էս.»ի աջակցութեան շնորհիւ վերջերս Երիտասարդականը՝ որպէս պաշտօնական նուագախումբ, արդէն երկրորդ անգամն ըլլալով մասնակցած է Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած «Ալ Պուսթան» միջազգային փառատօնին, որուն ծիրին մէջ անոնց ունեցած համերգներուն ընթացքին ոգեկոչուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը:
«Վիւասէլ-էմ. Թի. Էս.» շնորհիւ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբը, կիրարկելով նորագոյն արհեստագիտութիւնները, հայաստանեան իրականութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ներդրեց դասական երաժշտութեան համերգներու առցանց հեռարձակման մշակոյթը, որուն իբրեւ արդիւնք դասական արուեստին հաղորդակից կը դառնան ո՛չ միայն համերգասրահի մէջ եղող հանդիսականներ, այլեւ հազարաւոր երաժշտասէրներ՝ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ:
«Արուեստը մշտապէս աջակցութեան կարիք ունի: Բարձրարժէք մշակոյթը հանրութեանը հասցնելու գործում մենք միշտ զգում ենք մեկենասների կարիքը: Հայաստանում այդ առաքելութիւնը ստանձնել են «Վիւասէլ-էմ. Թի. Էս.»ը եւ Ռալֆ Եիրիկեանը: Իրենց շնորհակալ գործունէութեամբ տարիներ շարունակ նրանք ապահովում են բարձր արժէքների տարածումն ու զարգացումը», յայտնած է Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերգէյ Սմբատեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.