Կիրակի, 5 Ապրիլին, Քանատայի պետական ռատիոկայանի ֆրանսական բաժինի առաջին ալիքէն՝ 95.1 FM, կ.ա. ժամը 11էն սկսեալ, «Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Անկարելի Ապաքինումը» բնաբանով ոգեկոչուեցաւ Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակը Desautels le dimanche յայտագիրին վրայ՝ երեք քառորդ ժամեայ հաղորդումով մը, որուն ընթացքին կայանի թղթակից Աքլի Այիտ-Ապտալլա նախ տեսակցութիւններ ունեցաւ Մոնթրէալի Հայ կեդրոնը իրենց շաբաթական հաւաքին եկած տարեցներուն հետ, պեղելով անոնց յիշողութիւնը՝ յատկապէս իրենց վերապրած ծնողներու սահմռկեցուցիչ պատմութիւններուն մասին, ապա անցնելով Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ Սարաֆեան նախակրթարան ու Բաստրմաճեան երկրորդական վարժարան՝ զրուցելով աշակերտներուն հետ (որոնք պատմեցին իրենց տուներուն մէջ պահուող վերապրած առարկաներուն մասին, առարկաներ, որոնք առցանց թանգարանի ծրագիրին մաս պիտի կազմեն), նաեւ հայերէնի ուսուցիչ Մհեր Գարագաշեանի եւ տնօրէնուհի Լենա Գատեանի հետ: Տեսակցութիւն մը հաղորդուեցաւ Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Գառնիկ Ա. քհնյ. Գոյունեանի հետ, որ խօսեցաւ ներումի անկարելիութեան մասին՝ առանց զղջումի արարքին, որմէ ետք թղթակիցը երկար զրուցեց հրաւիրեալ երկու վերլուծաբաններու թուրք մտաւորական Ճենկիզ Ախթարի ու Le Monde-ի աշխատակից՝ ֆրանսաբնակ Կայծ Մինասեանի հետ, որոնք անդրադարձան ներկայ իրավիճակին ու պատմական անցուցադարձերուն: Մինասեան յատկապէս բաղդատականը ըրաւ այսօր Միջին Արեւելքի մէջ եւ այլուր կատարուող բարբարոսութիւններուն ու հայոց կրած եւ անպատիժ մնացած ցեղասպանական ոճիրներուն, ԺԹ. դարէն ի վեր, որոնք աշխարհի անտարբերութեան ի հետեւանք մնացին անպատիժ ու ահա կը շարունակուին մինչեւ ԻԱ. դար:
Յայտագիրը աւարտեցաւ Լուսնակի կողմէ երգի մը կատարողութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.