Աւստրիոյ Կրաց քաղաքին մէջ կազմակերպուող ամէնամեայ «Սաղմոս» փառատօնի ծիրէն ներս Ապրիլ 3ին «Հելմութ Լիստ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կրաց քաղաքի Մեծ նուագախումբի եւ Կրացի «Վոքալֆորում» երգչախումբի համերգը՝ Քրիսթիան Մութշփիլի խմբավարութեամբ, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին:
Փառատօնը կայացաւ Կրաց քաղաքի մշակոյթի վարչութեան, Շթայերմարք երկրամասի կառավարութեան, «Քլայնէ Ցայթունկ» եւ «Տեր Շթանտարտ» թերթերու, աւստրիական հանրային ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի հովանաւորութեամբ ու Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ:
Համերգին ներկայ էին Աւստրիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեան, դեսպաններ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, լրագրողներ:
Կատարուեցան Կոմիտասի եւ Տիգրան Մանսուրեանի ստեղծագործութիւնները, ներառեալ՝ Մանսուրեանի 2011ին յօրինած Ռեքուիեմը:
Նախորդ օրը՝ Ապրիլ 2ին, նոյն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ժողովրդական եւ հոգեւոր երաժշտութեան համերգ, որուն ընթացքին կատարուած էին Սայաթ Նովայի, Կոմիտասի, Գուսան Ջիւանի եւ Տիգրան Չուխաճեանի ստեղծագործութիւնները:
Համերգները արժանացան հանդիսատեսի ջերմ ընդունելութեան եւ լայնօրէն լուսաբանուեցան աւստրիական մամուլին կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.