Ժապաւէնի բեմադրիչն է Նաթալիա Պելճաուսքէ, իսկ գլխաւոր դերակատարները՝ Միքայէլ Պօղոսեան, Վահագն Սիմոնեան, Մհեր Լեւոնեան, Եկաթերինա Շիթովա եւ ուրիշներ: Ֆիլմը արտադրուած է «Թիմ Փրոտաքշըն»ի, Հայաստանի Ազգային ֆիլմարուեստի կեդրոնին եւ Միքայէլ Պօղոսեանի ջանքերով: Անիկա պատմութիւնն է մարդու մը եւ երիտասարդուհիի մը, որոնց կեանքը երկու տասնեակ տարիներ ետք՝ տակաւին ազդուած կը մնայ Արցախեան պատերազմէն:
Ֆիլմին ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ գրադարանի «Meeting Room A» սրահին մէջ։ Գրադարանին հասցէն է՝ 630 W. Fifth St., Los Angeles, CA 90071, իսկ հեռաձայնի թիւը՝ (213) 228-7000։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.