– Գերմանական «Շփիկել» թերթը հաղորդեց, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար շրջանի ապահովական մարմինները ձերբակալած են 3000 զինեալներէ բաղկացած Սինճարի պաշտպանութեան եզիտիներու ուժի հրամանատար Հայտար Շիշօն, որ Գերմանիոյ քաղաքացի է։ Շիշօ, անցեալ շաբաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին, քննադատած է տեղւոյն քրտական իշխանութիւնները՝ եզիտիներուն նկատմամբ անոնց վատ վերաբերմունքին համար, ընդգծելով, որ տարակարծութիւնը ծագած է, երբ քրտական զինուորական ուժերը լքած են Սինճար լերան վրայ գտնուող եզիտի մարտիկները, ապա մերժած անոնց զէնք ու զինամթերք տրամադրել:
– Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Եգիպտոսի հետ յարաբերութեանց բարելաւումը քննարկելու համար նախապայման նկատած է բանտարկուած նախկին նախագահ Մուհամմատ Մուրսիի ազատ արձակումը եւ մահուան դատախարտուած անոր համակիրներուն դէմ վճիռներուն մեղմացումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.