ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ «Իսլամական պետութեան» զինեալ ուժերը քանդած են Թուրքիոյ ու Սուրիոյ սահմանին մօտ գտնուող Հապուրի ասորիներու եկեղեցին։ 81 տարուան եկեղեցին, որ Սուրբ Աստուածածին անունը կը կրէ, քանդուած է Ս. Զատկուան նախօրեակին։ Ասորի եկեղեցին կը պատրաստուէր Ապրիլ 12ին տօնել Ս. Զատիկը։ Եկեղեցին կառուցուած էր 1935ին եւ վերանորոգուած՝ 2005ին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.