ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԱՅՏԱՐԵԱՆ
Մենք, հայերս, Կրանատա Հիլզի մէջ հայ կեդրոն մը ունինք, արդեօք համաձա՞յն էք, որ այնտեղ հանդիպինք։ Բոլորը համաձայնեցան եւ գործի անցանք։
Հանդիպումներ ունեցանք ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէի տղոց հետ, համաձայնութիւն գոյացաւ ամէն Չորեքշաբթի ժամը 11էն 3, սրահը մեզի տրամադրելու ։
Մենք այդ ժամերուն նարտի կամ «պլո»չ կը խաղանք, ուրիշներ կը զրուցեն ազգային հրատապ հարցերու շուրջ, այլ խումբ մը՝ կը քննարկէ ազգային, քաղաքական, տնտեսական եւ այլ հարցեր։
Նաեւ ունինք տաղանդաւոր երաժիշտ դաշնակահար մը, որ կը ճոխացնէ մթնոլորտը իր նուագներով։
Ամէն անգամ, առատ հիւրասիրութեամբ կը տօնենք տարեդարձներ, ազգային եւ եկեղեցական տօներ։
2015 Փետրուարին, մեծ խանդավառութեամբ տօնեցինք մեր միութեան առաջին տարեդարձը։ Ունինք վարչական մարմին՝ ատենապետ, քարտուղար եւ գանձապահ։ Իսկ միութեան անունը որոշուեցաւ՝ «Սան Ֆերնանտօ հովիտի հայ երէցների համախմբում»։
Մեր նպատակն է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու զաւակները, տաք կայծերու պէս, քով-քովի գալով մեր ազգային ինքնութիւնը վառ պահել։
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ
Այս համախմբումը կը գործէ շուրջ 18 ամիսներէ ի վեր։ Շրջանիս «Արշաւիր Շիրակեան» կեդրոնի «Թիթիզեան» սրահէն ներս: Մենք դիմեցինք «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէին, մեր նպատակը յայտնելով՝ միութիւն մը կազմելու։ Կոմիտէն, մեր դիմումը քննելէ ետք, իր հաւանութիւնը տուաւ։ Այս առթիւ, մեր սրտագին շնորհակալութիւնը կ՛ուզենք յայտնել կոմիտէին։
Փետրուար 1, 2014ին մեր առաջին հաւաքը ունեցանք եւ մինչեւ այսօր կը շարունակենք մեր հանդիպումները. մեր անդամներուն թիւը, քառասուն է։ Ժողովները տեղի կ՛ունենան ամէն Չորեքշաբթի օրերը, առաւօտեան ժամը 11էն կէսօրէն ետք ժամը 4։ Մեր օրը կը ճոխանայ հիւրասիրութեամբ, ճաշով եւ պարբերական խրախճանքներով։ Յաճախ մէկը կը հովանաւորէ ճաշի ծախսերը։
Հանդիպումներուն ընթացքին յաճախ տեղի կ՛ունենայ «պլօ»չի մրցաշարք, մինչ ուրիշներ զրոյցներ կ՛ունենան հայաստանեան իրադարձութիւններու կամ միջազգային զանազան նիւթերու շուրջ։
Այն անհատները, որոնք կ՛ուզեն մասնակցիլ հայ երէցներու համախմբումին, կրնան Չորեքշաբթի օրերը ժամանել «Թիթիզեան» սրահ. հասցէն՝ 17422 Chatsworth st., Granada Hills, Ca 91324
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ
ՍԱՆ ՖԵՐՆԱՆՏՕ ՀՈՎԻՏԻ
ՀԱՅ ԵՐԷՑՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ