Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ պապին եւ Սուրբ Աթոռին վրայ ճնշումը եղած է աննախադէպ: Թրքական կողմը բոլոր ձեւերով փորձած է խաթարել Ս. պատարագի կայացումը, սակայն ջանքերը ի զուր անցած են: Պատարագը նաեւ ուղղակի պիտի հեռարձակուի: Հռոմի Ֆրանսիս պապը գրած է իր քարոզը եւ կը նախատեսուի, որ Ս. պատարագէն ետք մօտենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին (սովորաբար, պատարագը աւարտելէ ետք Պապը դուրս կ՛ելլէ տաճարէն):
Հռոմ գտնուող լրագրողներուն ներկայացնելով ակնկալուող պատմական իրադարձութեան մանրամասնութիւնները՝ Սուրբ Աթոռին մէջ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեան նշած է, որ մատուցուելիք Ս. պատարագի աւարտին նախատեսուած են նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն խօսքերը: «Սուրբ Պետրոսի տաճարում այս պատարագն աննախադէպ է մի քանի առումով. բացի վերը նշածներիցս, կարեւոր է նաեւ առանձնացնել, որ տեղի կ՛ունենայ հայկական մեռելոցի ծիսական կարգ: Պատարագը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին, սակայն այն մատուցւում է աշխարհի բոլոր հայերի համար», դիտել տուած է դեսպանը: Նախատեսուած է, որ մասնակցող պատուիրակութիւնները ըլլան տարբեր երկիրներու հայկական համայնքներէ:
Պատարագի աւարտին պիտի կատարուի նաեւ Գրիգոր Նարեկացիի սրբադասման կարգը: «Կը հնչի լատիներէն ֆորմուլան եւ Նարեկացին կը յայտարարուի Տիեզերական եկեղեցու վարդապետ», ըսած է Միքայէլ Մինասեան:
Իսկ Ս. պատարագէն առաջ՝ 11 Ապրիլին ծրագրուած է այլ յատկանշական նախաձեռնութիւն մը, Հին Ջուղայի ամէնէն գեղեցիկ խաչքարին կրկնօրինակը պիտի զետեղուի իտալական Նեափոլի քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակը: Խաչքարը կերտուած է 1.5 տարուան ընթացքին՝ լիովին ներկայացնելով ատրպէյճանցիներուն կողմէ քանդուած Հին Ջուղայի մշակութային արժէքը: Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին օծումը պիտի կատարեն Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսն ու կարդինալ Սեպէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.