Նախորդ տարիներուն Յարութիւն Կարմիրեանի նիւթական օժանդակութիւններուն իբրեւ արդիւնք, Բաղանիսի մէջ բաւական լաւ աշխատանքներ տարուած են։ Բարեկարգուած էին կանգառները, գիւղին մէջ տեղադրուած էին աղբամաններ, լուծուած էին գիւղի ջրամատակարարման, լուսաւորութեան հարցերը եւ այլն: Գիւղապետ Նարեկ Սահակեան «Երկիր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ գիւղին մէջ կատարուած բարեկարգումներուն մէջ իր ուրոյն դերակատարութիւնը ունեցած է նաեւ Յարութիւն Կարմիրեան:
«Ամիսներ առաջ կրկին խնդրանքով դիմեցի պարոն Յարութիւնին: Գիւղատնտեսութեան ոլորտը զարգացնելու համար գիւղին հարկաւոր էր թրթուրաւոր տրակտոր, որպէսզի շուկայականից աւելի էժան գնով գիւղացին կարողանայ մշակել իր չափաբաժին հողամասը: Խնդրանքս երկար սպասեցնել չտուեց, եւ այն արդէն Բաղանիսում է: Ընդհանուր արժէքը կազմեց 7600 ԱՄՆ դոլար: Բաղանիս գիւղի բնակչութեան անունից շնորհակալութիւն ենք յայտնում իրեն արդէն բաղանիսցի համարող մեր Յարութիւնին եւ ցանկանում ենք յաջողութիւն նրա գործերին», «Երկիր»ին ըսած է Բաղանիսի գիւղապետը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.