Առաջին հերթին, վեհափառը իր իջեւանած Վատիկանի հիւրանոցին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարտինալ Բարոլինիի հետ, Կիպրոսի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի ներկայութեան: Հանդիպման ընթացքին, կաթողիկոսը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց կարտինալին՝ Ցեղասպանութեան գծով Ֆրանսիս պապին կատարած յայտարարութեան համար: Այս ուղղութեամբ կարտինալ Բարոլինի կարեւոր դեր կատարած էր, որպէս Վատիկանի արտաքին քաղաքականութեան վերին պատասխանատուն: Հայրապետին եւ կարտինալին հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկումի նիւթ դարձաւ Լիբանանի նախագահի ընտրութեան հարցը: Կարտինալը յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն իր անձնական ներկայացուցիչը պիտի ղրկէ Լիբանան, որպէսզի աւելի մօտէն զբաղի յիշեալ հարցով:
Ապա, կաթողիկոսը այցելեց Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց կեդրոնատեղին եւ ընդունուեցաւ անոր նախագահին՝ կարտինալ Քօխին եւ անոր օգնականներուն կողմէ: Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին, վեհափառը ընդհանուր գիծերով պարզեց միջ-եկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ երեւոյթները, իր դրական ու բացասական երեսներով՝ միաժամանակ ներկաներուն հետ բաժնելով իր անձնական տեսակէտները: Ապա, վեհափառը պատասխանեց իրեն ուղղուած շարք մը հարցումներուն:
Երրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Արեւելէան կաթողիկէ եկեղեցիներու բաժանմունքի նախագահ կարտինալ Սանտրիի հետ: Հանդիպման ներկայ էին նոյն բաժանմունքի բոլոր պատասխանատուները: Քննարկումի նիւթ դարձան Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
Կաթողիկոսի կողքին վերոյիշեալ հանդիպումներուն ներկայ եղան նաեւ Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Կիպրոսի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:
Նախքան Վատիկանէն մեկնիլը, վեհափառը շարք մը հարցազրոյցներ ունեցաւ Վատիկանի եւ Իտալիոյ մամլոյ ներկայացուցիչներու հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.