ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Պոլսոյ Պատանեկան Տունը. Մնացորդացի Տունդարձի Պատմութիւն Մը» գիրքին անգլերէն հրատարակութիւնը արդարօրէն կը պատուէ անոր հեղինակին՝ Հրանդ Կիւզէլեանի պայքարը յետ Ցեղասպանութեան հանգրուաններուն: Կիւզէլեան, հարիւրաւոր հայ պատանիներ ազատագրած էր Թուրքիոյ ներքին գաւառներէն, որոնցմէ մէկն էր յայտնի, խիզախ լրագրող՝ Հրանդ Տինք եւ իր կինը՝ Ռաքել:
Գիրքի անգլերէն հրատարակութիւնը՝ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) կողմէ, կարելի դարձած էր տոքթ. Հրայր Ս. եւ Ճիւլի Ահարոնեաններու եւ տոքթ. Վիգէն եւ Սօսի Ահարոնեաններու ազնիւ նուիրատուութեամբ, ի յիշատակ իրենց հօր՝ վեր. դոկտ. Յովհաննէս Ահարոնեանի, որ ջատագով մը եղած էր Հրանդ Կիւզէլեանի առաքելութեան եւ կնքահայրը՝ «Պոլսոյ Պատանեկան Տուն» անուանակոչումին:
«Երբ այս գիրքը կարդացի 2007ին, համոզուեցայ թէ անիկա պէտք է անպայման տրամադրելի դառնար հայերէն ընթերցող հասարակութենէն անդին», ըսաւ Զաւէն Խանճեան՝ գործադիր տնօրէնը ԱՀԱԸին: «Ակադեմականներ, Ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրողներ եւ պատմաբաններ պէտք է կարդան Կիւզէլեանի ականատեսի վկայութիւնը՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող մշակոյթի ոչնչացման գործունէութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ անոր քայլերուն՝ ի դէմ թուրք պաշտօնեաներու մերժման, հարստահարման եւ դատապարտման ու ի նպաստ՝ «մնացորդացի մը տուն գալու ճանապարհին» տարուած պայքարին»:
Կլենտէյլի Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ, Երեքշաբթի, Ապրիլ 7ին տեղի ունեցաւ գիրքի անգլերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը, կազմակերպուած ԱՀԱԸի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՀԱՀԱԵՄ) Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի միացեալ յանձնախումբին կողմէ։ Յայտագիրը վարեց դոկտ. Յասմիկ Պարան:
Յայտագիրին խօսնակները ներկայացուցին գիրքի երեք տարբեր երեսներն ու անոնց ձգած ազդեցութիւնը:
Իրաւաբան Էտվին Մինասեան՝ Պոլսահայերու միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետ եւ Հայ իրաւաբաններու միութեան վարչութեան անդամ, ներկայացուց Կիւզէլեանի գործունէութեան ժամանակաշրջանը Թուրքիոյ մէջ: Թուրքիա շարունակ կը ճնշէր փոքրամասնութիւնները, բարձր հարկերով, կալուածներու գրաւումով եւ ոստիկանութեան խիստ հսկողութեամբ: «Յիսունական թուականներու կէսերուն՝ հայերու եւ յոյներու հանդէպ ուղղուած ջարդերէն անմիջապէս ետք, Կիւզէլեան մեկնարկեց իր առաքելութիւնը, առանց նկատի ունենալու իր միջավայրի մտահոգութիւնները: Ան ունէր վճռակամութիւն եւ ամուր հաւատք: Ան գիտէր որ այս մէկը գոյատեւման պայքար էր», ըսաւ իրաւաբան Մինասեան:
Վեր. Վաչէ Էքմէքճեան, ՀԱՀԱԵՄի ներկայացուցիչ՝ Սուրիահայութեան զօրակցութեան հիմնադրամին, ինչպէս նաեւ ՀԱՀԱԵՄի Հայ ժառանգութեան յանձնախումբի անդամ, նկարագրեց փոխյարաբերութիւնը երկու կողմերուն: «Հրանդ Կիւզէլեան ուխտ մը ըրած էր Աստուծոյ հետ: Հաւատքը ամենակարեւոր երեւոյթն է այսպիսի ուխտի մը: Կիւզէլեան հակադարձեց հայ պատանիներու «թրքացման» գործին: Ան պայքարեցաւ հայ պատանիներու իրենց մշակոյթէն բռնի հեռացման դէմ: Ան գնաց եւ փնտռեց կորսուածը եւ յուսահատը՝ զուգահեռ Աւետարանի պատմութեան», ըսաւ վեր. Էքմէքճան:
Զաւէն Խանճեան՝ ամփոփելով Կիւզէլեանի ազդեցութիւնը, կարդաց հատուած մը անոր օրագրութենէն. «Պետութիւնը անարդար եղած է՝ չար, ճնշող, անսիրտ եւ կողմնակալ: Նախանձելով՝ փոխանակ հետեւելու առաքինի նախանձի, ուսուցանելու եւ հասնելու բարձր մակարդակի, թուրքը կ՛ուզէ ոչնչացնել մեզ, իւրացնել, վիրաւորել եւ զրկել մեզ մեր ամենատարրական իրաւունքներէն՝ լեզուի, հաւատքի, մշակոյթի։ Ես մտածեցի, թէ ի՞նչ կրնամ ընել, ո՞ր չափով կրնամ ընել իմ բաժինը եւ օգտակար դառնալ իմ ազգի մնացորդներուն»:
«Եւ Կիւզելեան ըրաւ անսպասելին եւ վիթխարին՝ Պոլսոյ Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ ներքնամասին թէ Թուզլայի ամառնային «Քեմբ Արմէն»ի մէջ թրքացումէ փրկելով կորուստի մատնուած բիւրաւոր հայ պարման-պարմանուհիներ», շարունակեց Խանճեան:
«Կիւզելեանի ազդեցութիւնը հսկայական էր, ոչ միայն քանի մը հազար հայորդիներուն վրայ, որոնք անցան Պոլսոյ «Պատանեկան Տան» դռներէն ներս, այլ նաեւ թուրք ընկերութեան եւ քաղաքականութեան վրայ, որուն արձագանգը պիտի շարունակուի մինչեւ անորոշ ժամանակներ», ըսաւ Խանճեան: Ան նշեց, թէ Կիւզէլեան ընդունած էր Հրանդ Տինքը «Պատանեկան Տան» մէջ, երբ ան եօթը տարեկան էր: 1961-1981 տարիներուն, Հրանդ Տինք՝ Կիւզէլեանի հովանաւորութեան տակ, եւ ապա հինգ տարիներ եւս, Կիւզելեանի ձերբակալութենէ, չարչարուելէ, դատուելէ եւ աքսորուելէ ետք, վառ պահեց եկեղեցիին ջահն ու առաքելութիւնը: Տինք եղաւ «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիրը, պաշտպանեց մարդու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները Թուրքիոյ մէջ եւ քննադատեց Թուրքիոյ ժխտողականութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան: Անոր սպանութիւնը 2007ին, Պոլսոյ մէջ զայրացուց բազմաթիւ թուրք քաղաքացիներ, պատճառ դարձաւ լայնածաւալ բողոքներու եւ աշխարհի ուշադրութիւնը դարձուց փոքրամասնութիւններու հանդէպ Թուրքիոյ հալածանքին:
Խանճեան ըսաւ. «Գիրքը՝ պատմուած Կիւզէլէանի պարզ լեզուով եւ քրիստոնէական համեստ հոգիով, գրական կոթող մը չէ, ոչ ալ բարձր ոճով գրուած գիրք մը»: Այս սահմանափակումները հաւասարակշռուած են անոր հզօր յիշողութիւններով: Անոր պայքարը անհանդուրժող պաշտօնատարներու դէմ, կը ներշնչէ ընթերցողը յաճախակի վերագրութիւններով Աւետարանէն, որպէս հիմնական ուղեցոյցը իր գործունէութեան, եւ ցոյց կու տայ մեծ պատկերացում մը, թէ ինչպէս կարելի է խուզարկու աչքերէ հեռու մնալ, թշնամական քաղաքական միջավայրի մը մէջ»:
ԱՀԱԸը երկար տարիներ նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնած է «Պատանեկան Տան», եւ Կիւզէլեան իր գիրքին մէջ կը գնահատէ զայն, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան առաջնորդները, որոնք հաւատարմօրէն եւ առատաձեռնութեամբ նեցուկ կանգնած են այս «Տան», ինչպէս նաեւ իր հիմնած Թուզլայի ամառնային ճամբարին:
Այս գիրքին անգլերէն լեզուով հրատարկութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան միացեալ յանձնախումբը կը նշէ կեանքը եւ գործը հայ աւետարանական խոնարհ հերոսի մը, որ յաջողած էր, ի դէմ աշխարհին, լոյսին ընծայել պատմութիւնը իր պայքարին՝ հանդէպ Թուրքիոյ Ցեղասպանութեան ոճիրին:
(Թղթակցութիւնը՝
ԱՀԱԸէն)