Շուէտական «Էքսփրեսըն» թերթին հետ կատարուած հարցազրոյցին մէջ, Ասատ նշած է, թէ յստակ փաստեր կան, որ Անգարա ճնշում բանեցուցած է Հալէպի մէջ պետական ուժերուն դէմ կռուող իսլամ ծայրայեղական զինեալներու հրամանատարներուն վրայ, որ մերժեն ՄԱԿի ներկայացուցած զինադադարի ծրագիրը։ Ան նաեւ կրկնած է, թէ Թուրքիա կը շարունակէ աջակցիլ իսլամ ծայրայեղական ուժերուն եւ կը վերահսկէ անոնց գործողութիւններուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.