ԱՐՓԻԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Աննախընթաց թատերական ելոյթ մըն էր, որ ներկայացուեցաւ Ապրիլ 12, 2015ին, Ցեղասպանութեաn Դարադարձին նուիրուած: Շաբաթներ առաջ, սրահի բոլոր տոմսերը վաճառուած էին եւ հանդիսատեսը անհամբեր կը սպասէր հայրենի թատերագիր Պերճ Զէյթունցեանի «Դատարանն է, Ոտքի…» ներկայացման: Պրատուէյի յայտնի «Սիմֆընի Սփէյս» թատերասրահը ժամադրավայրն էր պահանջատէր հայութեան: Այս թատերախաղը պիտի գար մշակութային որակ մը աւելցնելու այս առթիւ տեղի ունեցող այլ յայտագիրներուն վրայ:
Թատերախաղը, որքան ալ պատմութիւնն էր Պերլինի մէջ Մարտ 21, 1921ին Թալէաթի սպանութեան՝ Նեմեսիս Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ, էր նաեւ Մեծ Եղեռնի տարիներու իրաւ պատմութիւնը մեր ողբերգութեան: Հանդիսատեսին համար պատմութեան դաս մըն է վերջապէս, արթնցնելու համար, մանաւանդ երիտասարդութեան մօտ ազգային գիտակցութիւնը եւ պահանջատիրութեան ոգին: Եւ ԹՄՄի «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը այս կրցաւ յաջողութեամբ կատարել, ինչպէս թատերական յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Վարդիվառեան իր խօսքին մէջ կը գրէ. «Միջազգային այս կարեւոր ոստանի սիրտին վրայ մկրտչեանականներ կը շարունակեն թատրոնի առաքելութիւնը փոխանցել նոր սերունդին եւ տակաւին կը մնան պահանջատէրը մեր իրաւունքներուն, մանաւանդ՝ Պատմական Հայաստանին: Վերջապէս թատրոնը քաղաքական բեմ է»:
Այս առթիւ, յատկապէս Փարիզէն հրաւիրուած էր տաղանդաւոր թատերական գործիչ Ժիրայր Փափազեան՝ բեմադրելու այս դժուար թատերախաղը: Հակառակ աշխարհագրական հեռաւորութիւններուն, Ժիրայր քանիցս եկաւ Նիւ Եորք ու անձամբ ղեկավարեց թատերախաղին հետ կապուած բոլոր աշխատանքները: Թատերախումբի մնայուն անդամներուն վրայ եկան միանալ նորեր՝ ամբողջացնելու համար երեսունի մօտ կազմը: Բացի դերակատարներէն, քսանի մօտ թեքնիք աշխատողներ մաս կազմեցին այս ներկայացման իրագործմանը: Պէտք է նշենք նաեւ, որ Փափազեան՝ Զէյթունցեանի այս թատերախաղը վերամշակելով, աւելի մատչելի դարձուցած էր հանդիսատեսին, մանաւանդ՝ աւելցնելով տպաւորիչ խաղավերջ մը:
Թեհլիրեանի գլխաւոր դերով հանդէս եկաւ Յարութ Պարսումեան: Ան յուզեց ներկաները եւ մանաւանդ ներկայացման աւարտին իր մենախօսութեամբ ներկայացուց հայու տառապանքը Տէր Զօրի անապատներէն մինչեւ մեր մտաւորականութեան նահատակութիւնը: Սրահին մէջ չկար հանդիսատես մը, որ այդ պահուն կարենար զսպել իր մարդկային թէ ազգային զգացումները. անոնք հաւաքաբար ողբացին մեր ողբերգութիւնը…
Թալէաթի դերով Գառնիկ Ներսէսեան կրցաւ լաւագոյնս մարմնանւորել նկարագիրը այդ թիւ մէկ բորենիին, որ իթթիհատական իր ընկերներուն հետ ծրագրած ու իրագործած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Կրցաւ տալ ժամանակաշրջանի փանթուրանական թրքական մթնոլորտը եւ այդ ծրագիրի մշակման համար առնուած բոլոր դաւադրութիւնները:
Պերլինի դատավարութեան ընթացքը եւ անոր ընդմէջէն օտար հայասէր դիւանագէտներու թէ մտաւորականներու վկայութիւնները կրնան ծառայել այսօր ալ Եւրոպայի այն քար լռութեան դէմ, որ տակաւին կը շարունակուի կարգ մը երկիրներէ ներս: Անոնցմէ յիշել Հենրի Մորկընթաուը (Արմենակ Գրուշեան), տոքթ. Մարթին Նիփակը (Ռոյ Պահեան), տոքթ. Եոհանս Լեփսիուսը ( Յ. Վարդիվառեան), Օթթօ Լայմըն ֆոն Սենտըրզը (Սարգիս Փիլաւճեան): Իսկ դատական ատեանի նախագահը (Յարութ Չաթմաճեան), դատախազը (Շմաւոն Ադամեան) ու պաշտպան փաստաբանները (Միսաք Պօղոսեան ու Րաֆֆի Կիւլպէնկ) լաւագոյնս տուին՝ դատական հարցաքննութեան ընթացքը դարձնելու համոզիչ: Անոնք բեմական տարիներու իրենց փորձառութեամբ իրենք զիրենք գերազանցեցին: Գեղեցիկ բեմական նկարագիրներ ստեղծեցին թատերախումբի զոյգ ամենատարեց անդամները. արմէնականներու օրրան՝ Վան ծնած 90ամեայ Յովհաննէս Գարթալեան՝ Նազիմ պէյի դերով, եւ 80ամեայ Խաչիկ Սարըմինասեան՝ հայ քահանայի դերով:
Իգական սեռէն «հոգիներ»ու հարուստ տեսարաններ անցեալը ներկային շաղկապեցին բեմական փայլուն յղացումներով՝ Արփի Չանքարը, Թալին Պահեանն ու Լինա Կիւրոյեանը: Իսկ Թալէաթի կնոջ դերը ստանձնած էր Թալին Գարակիւլլէեան, որ ինք եւս թատերախումբի փորձառու դերասանուհիներէն մին է: Զոյգ դերերով՝ տիկին Տիթմանի եւ Սողոմոնի մօր կերպարով ներկայացաւ Էլիզապէթ Աքեան, որ հակառակ Ամերիկա ծնած ըլլալուն, փայլուն ներկայացուց իր կերպարները: Կային նաեւ այլ դերակատարներ՝ Դալար Զոքեան, Ալան Մարթայեան, Սեւակ Մխիթարեան, Գայլ Թորոսեան եւ Կարօ Շամամեան, թէեւ կարճ կամ անխօս դերերով, բայց նոյնքան տպաւորիչ:
Լոյսերու, ձայնային ու լսատեսողական ձեւաւորման եւ կահաւորման համար բեմադրիչը ամէն ջանք թափած էր՝ հասնելու կատարելագործման: Ժամանակակից գործիքներու եւ գերարդիական համակարգիչներու բոլոր միջոցները, որոնք միջազգային բեմերու վրայ կ՛իրագործուին, կիրառուած էին այս ներկայացման մէջ՝ թատերախաղը դարձնելով հաղորդական հանդիսատեսներուն համար: Մինչ այդ, առաջին անգամ ըլլալով ամերիկահայ բեմին վրայ երեւցաւ ամբողջ խաղին անգլերէն թարգմանութիւնը, որ լուսարձակուեցաւ ամէնայն բծախնդրութեամբ:
Յիշատակելի է աշխատանքը այս ներկայացման գործադիր վարիչին՝ Մարի Զոքեանին, լուսատեսողական ստեղծագործին՝ Գէորգ Մուրատին, փոխբեմադրիչին՝ Յարութ Չաթմաճեանին, որ բեմադրիչին բացակայութեան հսկեց փորձերուն, երաժշտութեան ստեղծագործողին՝ Յարութ Պարսումեանին, բեմադրիչի օգնականին՝ Էլեն Մինասեանին: Զէյթունցեանի «Դատարանն է, Ոտքի…» թատերախաղի արեւմտահայերէնի վերածումը հմտօրէն կատարեց Պայծիկ Գալայճեան, իսկ անգլերէն թարգմանութիւնը՝ Անահիտ Քիւրտեան: Անպայմանօրէն պէտք է յիշատակել անունները Հրաչ Զոքեանի, Հայկ եւ Անոյշ Կիւլեաններու, Հայկ եւ Սրբուհի Վարդիվառեաններու, առանց որոնց դժուար թէ կարելի ըլլար բեմական թեքնիք աշխատանքները իրագործել: Անգնահատելի է Արմինէ Մինասեանի արհեստավարժ ներդրումը որպէս դիմայարդար:
Պէտք է գնահատել թատերախումբի վարչութեան ամբողջական կազմը, որ անվախօրէն նախաձեռնեց այս թատերախաղի ներկայացումին: Այս ամբողջական գործին ընդհանուր պատասխանատուն էր Յակոբ Վարդիվառեան:
Պատրաստուած էր որակաւոր եւ պահուելու արժանի գրքոյկ մը, ուր լայն տեղ տրուած էր 1915-1922 տարիներու ազգային ողբերգութեան, Նեմեսիսի գործողութեան եւ անոր առաջնորդին՝ Շահան Նաթալիին: Գունատիպ, հարուստ տպագրութեամբ սքանչելի հրատարակութիւն մը:
Անկասկած, այս ներկայացմամբ, անգամ մը եւս Թէքէեան մշակութային միութիւնը եկաւ ապացուցելու, թէ կը մնայ ամենայանդուգն, խիզախ եւ նախաձեռնող մշակութային միութիւնը մեծագոյն Նիւ Եորքի մէջ, կազմակերպելով ամերիկեան արուեստի չափանիշներուն հասնող մշակութային լուրջ ձեռնարկներ, միշտ ալ արժանանալով խստապահանջ նիւ-եորքահայութեան համակրանքին ու գնահատանքին:
Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Միացեալ Նահանգներու մօտ դեսպան Տիգրան Սարգսեան ու իր տիկինը մայրաքաղաք Ուաշինկթընէն այս առթիւ եկան ներկայ գտնուելու այս ներկայացման:
Ներկայ էին նաեւ ՄԱԿի մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցչութեան դիւանագէտները, հոգեւոր դասը՝ առաջնորդութեամբ Եղիշէ արք. Կիզիրեանի, ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ՌԱԿի եւ ՀՅԴի տեղական մասնաճիւղերու վարչականներ, ինչպէս նաեւ ազգային բարերարներ:
Ամերիկայի Հայոց առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան թէեւ կը բացակայէր՝ Վատիկան գտնուելով, սակայն յղած էր իր հայրական խօսքը:
Անկասկած, այս ներկայացումը պիտի մնայ արձանագրուած նիւ-եորքահայութեան այլապէս հարուստ տարեգրութեան մէջ, որպէս եզակի թատերական ելոյթ՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան դարադարձին:
Ու նիւ-եորքահայութիւնը ոտքի՝ ողջունեց Թեհլիրեանի դատավարութիւնը, երկա՜ր, շատ երկար ծափահարութիւններով:
Ապրի՛ն մկրտչեանականները, որոնք խոնարհեցան Թեհլիրեանի յիշատակին առջեւ եւ որոնք արթնցուցին պահանջատիրութեան ոգին հանդիսատեսին մօտ: