
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայոց Ցեղասպանութեան եւ վերածնունդին նուիրուած «The Ash Tree» հատորը հանրութեան ներկայացնելու նպատակով, կազմակերպուած են շարք մը հաւաքներ, որոնց ընթացքին հեղինակը՝ Տենիըլ Մելնիք, գրող Մարք Արաքսի հետ զրոյցներու ընդմէջէն պիտի խօսի գիրքի երկունքին մասին։
Ստորեւ ներկայացումներու ժամանակացոյցը.
– Ապրիլ 26ին, կ.ե. ժամ 2-4, Ֆրեզնոյի «Barnes & Noble» գրախանութին մէջ.
– Ապրիլ 30ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանի «Շին» մատուրին մէջ.
– Մայիս 5ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Էմրիվիլի «Barnes & Noble» գրախանութին մէջ։
Հատորին եւ հեղինակին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.theashtree.net կայքը։