
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Երեքշաբթի, Ապրիլ 14ին, Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկաններու միութեան ներկայացուցիչները այցելած են Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան, յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերուն։
Ներկայացուցիչներուն մէջ եղած են տեղական ոստիկանատուներէ, շրջանային դատախազներու գրասենեակներէ, դաշնակցային, նահագային եւ գաւառային մակարդակի իրաւապահ մարմիններէ պատուիրակներ, ինչպէս նաեւ «Էֆ.Պի.Այ.»ի տնօրէնի տեղակալ Տէյվիտ Պոտիչ։
Ներկայացուցիչները դիմաւորուած են Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Ճեք Հաճինեանի կողմէ, որ ներկայացուցած է Ցեղասպանութեան եւ յուշարձանին պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան առնչուող նորագոյն իրադարձութիւնները։
Ներկայ եղած ու օրհնութեան աղօթք մատուցած է Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը։
Աւարտին, Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկաններու միութեան ներկայացուցիչները ճաշի հիւրը եղած են շրջանի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին։