Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով տեղի ունեցող ձեռնարկին ընթացքին, դասախօսը կարկինը լայն բանալով՝ պիտի քննէ իր կողմէ 5 տարբեր հատուածներու բաժնուած Հայոց պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ ապագայի մարտահրաւէրները, հայկական ինքնութիւնը պահպանելու տեսակէտէն։
Դոկտ. Գրիգոր Արէշեան մասնագիտութեամբ հնագէտ է եւ եղած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հնագիտութեան «Քոթսին» հիմնարկի Հայկական ուսումնասիրութեանց ծրագիրի վարիչ ու 2007էն ի վեր, նոյն համալսարանին հետ համատեղ շարունակուող հնագիտական աշխատանքները կը կառավարէ Արենիի եւ Դուինի մէջ։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Մերտինեան» վարժարանի «Պուլղուրճեան» սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403)։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին՝ (818) 453-0618 թիւով կամ info@ARPAInstitute.org հասցէով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.