ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբին, Կիրակի, Ապրիլ 12ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, «Memory of Trees» («Ծառերու Յիշատակը» կամ «Ծառերու Յիշողութիւնը») անուամբ՝ արուեստագէտ, լուսանկարչուհի Քեթրին Քուքի շուրջ 30 զանազան չափի լուսանկարներու ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի «Somarts Bay Gallery»ին մէջ, նուիրուած Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին։ Ներկայ էին շուրջ 200 այցելուներ:
Բարի գալուստի ու շնորհակալական խօսքերով՝ հանրութեան ու արուեստագէտ լուսանկարչուհիին, ցուցահանդէսին բացումը կատարեց յանձնախումբի անդամներէն Դաւիթ Օճաքեան: Ան նախ ներկայացուց լուսանկարչուհի Քեթրին Քուքը, տալով անոր կենսագրական գիծերը ու մանրամասնութիւններ ցուցադրութեան դրուած լուսանկարներու պատրաստման աշխատանքին մասին: Ապա Օճաքեան մասնաւոր գնահատական խօսքեր արտասանեց յանձնախումբի անդամներէն Անի Ենիքոմշեանին, որ ցուցահանդէսի կազմակերպման ու յաջողութեան գլխաւոր նուիրեալ անձը եղած է:
Քուք իր համալսարանական ուսումը լրագրութեան մէջ ստացած է Քոլորատոյի համալսարանէն, 2001ին, BS վկայականով: Քուք՝ այս հայասէր ամերիկուհին, լրագրութեան ասպարէզը սկսած է 2003ին, «Associated Press» մեծանուն լրատուական գործակալութեան հետ, Փանամայի մէջ: Ապա, որպէս ազատ լուսանկարիչ, ան շարունակած է իր ասպարէզը Հարաւային Ամերիկայի մէջ: 2006ի Սեպտեմբերին, ան կը փոխադրուի Պոլիս, Թուրքիա, ուր ան կը սկսի «Memory of Trees»ի եօթը երկար տարիներու ծրագիրին, այցելելով ու լուսանկարելով Արեւմտահայաստանի զանազան շրջանները, ուր տեղի ունեցած են գաղթականութիւն եւ ջարդեր: Այս նախաձեռնութիւնը վերածուած է իր առաջին լուսանկարչական գիրքին: Իր գործերը ցուցադրուած են Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ան եղած է անդամ «Agence Vu»ի 2007էն ի վեր. այժմ կը բնակի Լոնտոն, Անգլիա:
Ցուցադրուած շուրջ 30 լուսանկարներէն ոմանք օգտագործուած են զանազան արխիւներէ ու հեղինակի գործերէն: