ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց հիմնարկին նախաձեռնութեամբ, Հինգշաբթի, Ապրիլ 23ին, համալսարանին շարժապատկերային արուեստներու բաժանմունքի «Ռէյ Սթարք» սրահին մէջ (900 W. 34th street, Los Angeles, CA 90027), տեղի պիտի ունենայ վաւերագրական կարճ ֆիլմերու ցուցադրութիւնը։
Հայ եւ թուրք բեմադրիչներու պատրաստած եւ Ցեղասպանութենէն ետք հայ-թուրք բարդ յարաբերութեանց նուիրուած հետեւեալ վաւերագրական ֆիլմերը պիտի ցուցադրուին.
– Ժամը 4ին, Լուսին Տինքի «Saroyanland»ը (72 վայրկեան)
– Ժամը 5:15ին, Սերժ Աւետիքեանի «Barking Island»ը (15 վայրկեան)
– Ժամը 5:30ին, դադար (15 վայրկեան).
– Ժամը 5:45ին, Գոռ Պաղտասարեանի «Neighbors»ը (52 վայրկեան).
– Ժամը 6:40ին, Էրիք Նազարեանի «Պոլիս»ը (20 վայրկեան)
– Ժամը 7ին, Ումիթ Քիվանճի «A Rainy Day in April»ը (10 վայրկեան).
– Ժամը 7:10ին, դադար (15 վայրկեան).
– Ժամը 7:25ին, Մեթիու Զէյթինճիօղլուի «The Son of the Olive Merchant»ը (77 վայրկեան).
– Ժամը 8։45ին, «Սիվիլնե»չի «My Bolis: Yasar Kurt»ը (9 վայրկեան).
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (213) 821-3943 թիւին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.