Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ Վատիկանի մէջ իր տուած պատգամին ընթացքին, Հռոմի պապը հայ ազգին հանդէպ եղած այս ոճիրը, հայոց պատմական հողերուն վրայ, հռչակեց՝ «20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը»:
Անդրադառնալով հայ ժողովուրդի մէկ դարու անչափելի եւ անգութ ցաւին եւ տառապանքին, Ֆրանսիս պապը ըսաւ. «Ծածկել յանցանքը, կը նշանակէ թողուլ, որ վէրքը արիւնահոսի»:
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը կ՛ողջունէ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովուապետ՝ Ֆրանսիս պապի բարոյական այս բարձր կեցուածքը, աղօթելով որ անոր բոլոր ջանքերը՝ ուղղուած միջազգային ճանաչումին եւ մարդոց հանդէպ գործուած ոճիրներու դատապարտման, առաջնորդեն աշխարհը դառնալու ապահով վայր մը, իսկ մարդկութիւնը՝ վայելէ խաղաղ հանգրուաններ:
Զաւէն Խանճեան՝ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէնը, այս առնչութեամբ յայտարարեց. «Ընկերակցութիւնը կը յուսայ, որ անցեալի եւ ներկայ մարդկային ողբերգութիւններու պատասխանատուութեանց գիտակցութիւնը՝ համաշխարհային առաջնորդներու կողմէ, կ՛օգնեն շիջելու կրակը շարունակական հոգեվարքի եւ ցաւի, եւ վերջ կու տան այն բոլոր վայրագութիւններուն, որոնք տակաւին կը շարունակուին աշխարհի տարածքին, եւ մասնաւորապէս անհանդուրժելի այն տառապանքը, որուն կ՛ենթարկուին բոլոր այն համայնքները, որոնք կը կազմեն հնագոյն մարդոց խճանկարը բնութագրող Սուրիոյ ժողովուրդին մէջ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.