ԿԱՐՕ ՀԷՔԻՄԵԱՆ
Նախաձեռնութեամբ Ուրուկուէյի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Միացեալ յանձնախումբին, Ապրիլ 17ի առաւօտեան ժամերէն սկսեալ մինչեւ կէսօր, մեր գաղութի Մշակութային սրահը, որ սարքաւորուած էր «Ուրուկուէյի Ազգային արեան Պանք»ի բժիշկներու եւ առողջապահական ոլորտի աշխատակիցներու կողմէ, ընդունեց արիւն նուիրող մեր գաղութի անդամները:
«Արիւն Յանուն Կեանքի» կարգախօսին ներքեւ, բազմաթիւ հայրենակիցներ շարքեր կազմած՝ դիմեցին արիւնատուչութեան:
Թուրքը մեր արիւնը հեղեց եւ մահ սփռեց, փորձելով ոչնչացնել հայու տեսակը, իսկ այս ասպնջական երկիր Ուրուկուէյը, ո՛չ միայն փրկեց հայերու կեանքը, այլեւ լրիւ ազատութիւն պարգեւեց, որպէսզի իբրեւ հայ հաւաքականութիւն շարունակենք ապրիլ եւ պահպանել մեր ազգային արժէքները, մեր մշակոյթը եւ մեր աւանդութիւնները:
Այսօր, իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն, հայկական մեր արիւնը պահող Ուրուկուէյի ժողովուրդին, նուիրեցինք արիւն՝ կեանքեր փրկելու գիտակցութեամբ: