Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն, Հինգշաբթի, 16 Ապրիլի կէսօրին, Հայաստանի, Լիբանանի եւ Սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ տեղի ունեցան նմանօրինակ ցոյցեր Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուներուն առջեւ:
ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան առջեւ կազմակերպեցին խաղաղ ցոյց մը եւ դեսպանի ներկայացուցիչին յանձնուեցաւ պահանջագիր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.