
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Հայոց Ցեղասպանութեան Մոնթեպելլոյի յուշարձանին առջեւ (901 Via San Clemente, Montebello, CA 90640), Ապրիլ 23ին, երեկոյեան ժամը 7ին սկսելիք հսկումին գլխաւոր բանախօսները պիտի ըլլան իրաւաբան Մարք Կիրակոս (անգլերէն) եւ դոկտ. Հայկ Օշական։
Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Ճեք Հաճինեան պիտի ներկայացնէ այս առիթով շրջանի շարք մը քաղաքներուն, ներառեալ՝ Քարսընի, Ինտըսթրիի, Տաունիի, Էլ Մոնթէի, Հանթինկթըն Փարքի, Մոնթեպելլոյի եւ Փիքօ Ռիվերայի վաւերացուցած հռչակագիրները, իսկ ձեռնարկին հանդիսավարն է՝ իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան։
Ելոյթ պիտի ունենան նաեւ շարք մը անուանի արուեստագէտներ, ներառեալ՝ «Քեփիթըլ Սիթիզ»էն՝ Սեպուհ Սիմոնեան, Արա Տապանճեանն ու «Էլեմընթ»նուագախումբը, «Հօշարեան Եղբայրներ» նուագախումբէն՝ Կրեկ Հօշարեան եւ Այլին Ամիրեան։
Աւարտին տեղի պիտի ունենայ մոմավառութեամբ հոգեհանգիստ։
Հսկումը կը հովանաւորեն ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէն, Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը, ՀԵԴի «Վահան Քարտաշեան» ուխտը եւ կը վայելէ նեցուկն ու աջակցութիւնը համայնքի կազմակերպութեանց եւ կը ներառէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, «Մեսրոպեան» վարժարանի աշակերտները, ծնողները, անձնակազմն ու Հոգաբարձութիւնը, ՀՕՄի «Անի» եւ «Նայիրի» մասնաճիւղերը եւ Մոնթեպելլոյի ՀՄԸՄը։