Աւանդութիւն դարձած է ամէն տարի սոյն ճաշկերոյթին ունենալ դասախօսութիւն, իսկ այս տարուան դասախօսութիւնը նուիրուած էր Ցեղասպանութեան 100ամեակին, իսկ դասախօսն էր Տիկին Ազատուհի Ղազարեան։
Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան ներկայացուց դասախօսը.
Տիկին Ազատուհի Ղազարեան իր նախակրթարանի եւ երկրորդականի ուսումը ստացած է Հալէպի «Զաւարեան» վարժարանը, ապա «Քարէն Եփփէ» Ազգային Ճեմարանը յաջորդաբար։
Շարունակելով իր ուսումը, ան յաճախած է Լիբանանի Ֆրանսական համալսարանը, մասնագիտանալով Արեւելագիտութեան ճիւղին մէջ, իսկ Լոս Անճելըս հաստատուելէ ետք, հետեւած է La Verne համալսարանի հայագիտականի դասընթացքներուն։
Ազատուհիին կրթական ասպարէզը կը սկսի Լիբանանէն, երբ ան կը պաշտօնավարէ «Աքսոր Գասարճեան» Ազգային վարժարանին մէջ։ Լոս Անճելըս հաստատուելէ ետք առաջին տարին ան կը պաշտօնավարէ Մոնթեպելլոյի «Մեսրոպեան» վարժարանը, իսկ 1978էն ի վեր, ան կը պաշտօնավարէ «Ֆերահեան» ազգային վարժարանէն ներս, որպէս հայոց լեզուի, հայոց պատմութեան եւ կրօնի դասատու, նախակրթարանի եւ միջնակարգի դասարաններուն։
Կրթական մշակի իր կոչումին զուգահեռ, ազգային կեանքէն ներս Ազատուհի կ՛ունենայ գործօն դերակատարութիւն, Լիբանանի մէջ դառնալով 1973ին հիմնուած Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ, կ՛անդամակցի Լիբանանի «Զաւարեան» ուսանողական միութեան, կը դառնայ վարիչ ՀԵԴի եւ պատանեկան միութիւններուն, իսկ Լոս Անճելըս հաստատուելէն ետք իր գործունէութիւնը կը շարունակէ անդամակցելով «Շան»չ ուսանողական միութեան, կը մասնակցի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական ու կազմակերպչական յանձնախումբերու աշխատանքներուն, ապա անդամ՝ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան։
Տէր հայրը իր խօսքը աւարտեց ըսելով.«Այժմ կը հրաւիրեմ բազմավաստակ կրթական մշակ՝ տիկին Ազատուհի Ղազարեանը, որպէսզի 100ամեակի մասին իր դասախօսութիւնը ներկայացնէ մեզի»։
Նիւթը շահեկան ըլլալուն՝ դասախօսութիւնը կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ։
Յարգելի հիւրեր եւ Սիրելի հաւատացեալ ներկաներ,
Երբ տէր Ռազմիկ հեռաձայնով խնդրեց, որ խօսիմ ցեղասպանութեան մասին, չմերժեցի, որովհետեւ այս նիւթը մեր բոլորին էութեան, ամէնօրեայ ապրումներուն, գոյատեւման եւ յարատեւման գլխաւոր թեման կը կազմէ: Գիտնալով նաեւ, որ այստեղ հաւաքուած ձեզմէ իւրաքանչիւրը, հեռուէն կամ մօտէն սերտօրէն առնչուած է այս նիւթին հետ,
հետեւաբար՝ մտածեցի միասնաբար վերաքաղի առիթի մը վերածել այսօրուան ելոյթս եւ իրարու հետ բաժնելով մեր ցաւերը, խոկալով մեր մտորումները ու ծրագրելով մեր ապագային իրակացնելիք երազները, փորձեմ առարկայական եւ գործադրուելիք առաջարկներով ներկայանալ ձեզի:
«Ցեղասպանութիւն», «æարդ», «Եղեռն» բառերը մեր ուղեղներուն եւ հոգիներուն մէջ հնչած են մեր ծնած օրերէն իվեր. իսկ հարիւրամեակի առիթով առաւել սլացք ստացած են ամէնուրեք, այս եւ գալիք օրերուն։
Բոլորս լաւապէս ըմբռնած ենք այս բառերուն ահաւորութիւնը եւ բաւական ալ ծանօթ ենք այս քարտէսին եւ նկարներուն, իրենց աւերի ու քանդումի ճանապարհին ընդմէջէն:
Այս քաղաքներուն մէջ, հարիւր տարի առաջ ապրած են ձեզմէ իւրաքանչիւրին ընտանիքին մէկ կամ աւելի մասնիկները: Քալելով այս կարմիր գիծերուն վրայէն, մենք այս պահուս կը միանանք անոնց արիւնալի արշաւին ու կը լսենք անոնցմէ ամէն մէկուն հառաչանքի ձայները:
Ատենին շէն ու ծաղկած այս նահանգները այսօր գրաւուած են մեր մշտնջենական թշնամիին՝ թուրքին կողմէ, որ տակաւին կը յամառի մերժել իրականութիւնը, դրժել իր անմարդկային արարքը՝ երկրագունդի վրայ առաջին կատարուած ցեղասպանութիւնը 20րդ դարու տարերքին մէջ արձանագրուած, որուն մասին գրեցին՝ դեսպանները, կառավարական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներն ու միսիոնարները, անոնցմէ՝ Ցեղասպանութեան օրերուն, Թուրքիոյ մէջ գտնուող Ամերիկայի դեսպանին՝ Henry Morgentawի նամակը կը կարդանք, որ «ցեղի մը ոչնչացման արշաւ»կ՛որակէ զայն:
Երկար է ցանկը ցեղասպանութեան ոճիրը հաստատող օտար պատմաբաններու, մտաւորականներու, բազմաթիւ միսիոնարներու եւ քաղաքական դէմքերու, որոնք ժամանակին տեղեկացուցին իրենց պատասխանատուները, բայց գիտենք, որ այդ օգնութեան աղերսները շատ ալ տեղ չհասան: Անոնց ձայները անդրադարձ չգտան, անոնց խնդրանքները անպատասխան մնացին :
Եւ թուրքը մնաց ու տակաւին կը մնայ հաստատ կառչած, իր թրքաբարոյ հաւատամքին եւ կատարած ոճիրը դրժողի իր դիրքին վրայ: Ան չընդունելով ցեղասպանութիւն բառը, չ՛ուզեր ստանձնել իր գործին հեղինակութիւնը:
Գերմանիոյ մենատէր Եւ Լեհաստանի հրեայ ցեղի ոչնչացման հեղինակ՝Ատոլֆ Հիթլէր, այս յայտարարութիւնը կ՛ընէ իր հրամանը արձակելու նամակին մէջ:
«Ո՞վ, ի վերջոյ, այսօր կը խօսի հայերու բնաջնջման մասին»:
իսկ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին Անգլիոյ հեղինակաւոր վարչապետը՝ Ուինսթըն Չըրչըլ, «Administrative Holocost» կ՛որակէ հայերու սպանդը, աւելցնելով՝«Clearing turkish soil of a christian race»: Մաքրել թրքական հողը քրիստոնեայ ցեղէ մը:
Ռաֆայէլ Լեմքին՝Լեհ մարդասէր փաստաբան, իր կեանքը նուիրելով կոտորածներու եւ յատկապէս հայկական կոտորածի ուսումնասիրութեան, 1943ին լուսարձակի տակ առնելով հայկական ջարդը զայն կը կոչէ «Ցեղասպանութիւն»:
Ու անկէ ետք այս անունով կոչուեցաւ Մեծ Եղեռնը: Ապա՝ աշխարհի երկիրները մէկը միւսին ետեւէն ընդունեցին, քսաներորդ դարուն առաջին՝ նախապէս ծրագրուած ու կատարուած ոչնչացումը անմեղ ժողովուրդի մը: Ցեղասպանութեան օրերուն, Հայ մտաւորականները իրենց գործերով անդրադարձան պատմական օրերու ահաւորութեան մասին, Սիամանթոյի,Վարուժանի, Ռուբէն Սեւակի, Ռուբէն Զարդարեանի, Գրիգոր Զօհրապի եւ բոլոր նահատակ մտաւորականներուն արհաւիրքը ներկայացնող գործերուն ընդմէջէն, մենք տեղեկացանք հայ ժողովուրդի մութ պատմութեան խորունկ ծալքերուն եւ անոնցմով սնուեցան մեր նոր սերունդները:
Նահատակ գրողներու պատգամներով տոգորուած ապրեցան ու շարունակեցին ապրիլ, վերապրող սերունդի յաջորդները, իրենց սրտերուն մէջ վառ պահելով անոնցմէ մեզի փոխանցուած հայու գիտակցութիւնը, հայու ոգին, հայկական աւանդութիւններն ու իր ամբողջական իմաստով «Հայ»ը:
Մենք մնացինք հայ աշխարհի բոլոր օտար երկիրներուն մէջ, գուրգուրալով մեր լեզուին ու պատմութեան, մեր կրօնքին ու հայու անաղարտ դիմագիծին:
Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայը իր օրապահիկը ապահովելու ընթացքին, չուզեց խօսիլ իր տխուր փորձառութեանց մասին, այլ, նախընտրեց իր զաւակները թրծել կամքի զօրութեամբ եւ լաւատեսութեամբ, որպէսզի անոնք կառչած մնան հայու արժանիքներուն, ապրին մարդկօրէն եւ մասնաւորաբար՝ հայօրէն, ծաղկեցնելով իրենց կորուստներուն կիսատ թողած նպատակներն ու չիրականացած երազները:
Յիսուն երկար տարիներ, մենք ողբացինք մեր նահատակներու ցաւը, աղօթք ու խունկ վառեցինք իրենց յիշատակին, հոգեհանգիստներով եւ յուշատօներով յարգեցինք իրենց անմոռանալի յիշատակը:
Յիսուն տարիներ ետք միայն, հայու հոգիին մէջ կուտակուած հրաբուխը պայթեցաւ, երբ աշխարհացրիւ հայեր, աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ, գլխաւոր քաղաքներու մէջ, մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցան եւ այս անգամ ո՛չ թէ յուշահանդէսներու ընդմէջէն, այլ պահանջատիրութեամբ եւ բողոքի ցոյցերով:
Յիսուն տարիներու պրկուած հայը, մէկդի ձգած գործ, խանութ եւ աշխատանք, միացաւ այս կազմակերպուած քայլարշաւերուն, հպարտութեամբ եւ բողոքի աղաղակներով ու երկար տարիներու սուգն ու լռութիւնը խզելով, ձայնը բարձրացուց անարդարութեան եւ անտեսումի դէմ:
1965 թուականը դարձաւ այդ անկիւնադարձային թուականը հայու տարերքին մէջ: Մեծ եղեռնի 50ամեակին՝ հայ ժողովուրդը միասնական ոգի ցուցաբերեց իր նահատակներու յիշատակին առջեւ:
Ու յաջորդաբար կանգնեցան յուշարձաններ, Անթիլիասի, Ծիծեռնակաբերդի, Պիքֆայայի, Իսֆահանի, Մոնթրէալի, Վառնայի, Պուլկարիոյ, Ֆիլատելֆիոյ, Մոնթեպելլոյի, Նիկոսիոյ եւ այլ քաղաքներու մէջ, որպէս բողոք՝ կատարուած ոճիրին ու անարդարութեան դէմ, Ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ կորսուած իրաւունքներու պահանջատիրութեամբ. իսկ Տէր Զօրի յուշարձան-մատուռի կառուցումը՝ անգերեզման ու ցրուած մեր նահատակներու աճիւնները ամփոփող ուխտավայրը պիտի դառնար աշխարհացրիւ հայութեան, սակայն ինչպէս գիտէք, սուրիական վերջին պատերազմին, մեր թշնամին առիթը օգտագործելով, պայթեցուց այնտեղ հաստատուած թանգարանը, ուր հաւաքուած էին արժէքաւոր փաստաթուղթեր, նկարներ, եւ մասունքներ մեր զոհերէն, ու անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու իր ոչնչացումի քաղաքականութիւնն ու ոճրային ախորժակները, ի տես բոլոր երկիրներու պետութեանց ու անոնց աչքին առջեւ:
Հաստատուեցան Հայ դատը հետապնդող գրասենեակներ, Լիբանանի, Յունաստանի, Ամերիկաներու, Քանատայի, Աւստրալիոյ, Սպանիոյ, Հոլանտայի, Պրիւքսէլի եւ այլ երկիրներու մէջ, ուր երիտասարդ սերունդներ պատրաստուեցան եւ անոնց աշխատանքներուն իբրեւ հետեւանք, շատ մը երկիրներ ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Անոնց վերջին գործերէն էր, Գարսըն քաղաքին մէջ, թուրքիոյ առաջին նախագահ՝ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքին արձանին կանգնումը կասեցնելը: Քանի մը շաբաթ առաջ Հայ Դատի աշխատանքներով եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան բողոքներով յաջողուեցաւ արգիլել արձանին կանգնումը։
Ցեղասպանութեան 50ամեակի աշխատանքներուն մաս կազմեցին հայ եւ օտար լեզուներով լոյս տեսնող հրատարակութիւնները, որոնցմէ հայերէն՝ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի, Փիթըր Պալաքեանի, Վահագն Տատրեանի, Լեւոն Մարաշլեանի, Ռուբինա Փիրումեանի եւ այլ գործեր: Կազմակերպուեցան սեմինարներ հայկական նահանգներու մասին, UCLAի պատմութեան բաժնի ղեկավար՝ Դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի նախաձեռնութեամբ, որուն ընթացքին հայ անհատը ծանօթացաւ շատ մը օտար մտաւորականներու աշխատանքներուն եւ մտածելակերպին:
Իսկ Վերապրող սերունդին զաւակներն ու թոռները ապրեցան արթնութեան շրջան մը: Անոնք պեղելով իրենց արմատները, գրեցին իրենց ծնողներուն, մեծ մայրերուն կամ ազգականներուն գողգոթայի պատմութիւնը:
Կազմակերպուեցան վերապրողներու կեանքի ոդիսականը հաւաքող կեդրոններ ամէնուրեք, յատկապէս՝ Պոսթընի Զօրեան Հիմնարկի եւ Լոս Անճելըսի UCLAի հայկական ամպիոնի ղեկավարութեամբ:
Իսկ՝Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Ակօս» թերթի խմբագիր եւ անզուգական հայ՝ Հրանդ Տինքի, թուրք ծայրայեղականներու կողմէ սպանութեան պատճառով, բողոքի հսկայ ալիք մը բարձրացաւ թուրք կառավարութեան դէմ:
Մէկ առ մէկ, հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունելու առաջարկով հրապարակ եկան թուրք ազատատենչ մտաւորականներ, իրենց աչքին առած բանտարկութիւն, չարչարանք եւ աքսոր ու անոր հետեւեցան տասնեակ գրողներու գործերն ու հրատարակութիւնները՝ Օրհան Փամուքի, Թաներ Աքչամի, Էլիֆ Շաֆաքի, Սէթինի եւ այլն:
2011էն իվեր, հարիւրամեակի նախօրեակին, Մեծի Տանն զոյգ Հայրապետները, հայաստանի ու Արցախի նախագահներն ու կառավարութիւնները, կուսակցական մարմինները, բոլոր միութիւնները եւ այլ կազմակերպութիւններ, արդէն լծուած են աշխատանքի, համաշխարհային մասշտապով եւ արժանավայել յարգանքով ոգեկոչելու յիշատակը մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, ձեռնարկներով, ցոյցերով, քայլարշաւերով, զրոյց- հանդիպումներով, նկարչական, երաժշտական եւ ցուցադրական ելոյթներով ու մանաւանդ՝ քաղաքական դէմքերու հետ հանդիպումներով ու անոնց ներդրումը ապահովող պաշտօնական հաւաքներով:
Այս առթիւ Արամ Ա.Կաթողիկոս իր յղած կոնդակով կը հաստատէ:
«Ցեղասպանութեան ու Մարդկային իրաւանց հռչակագրերը յստակօրէն կը շեշտեն, որ ցեղասպանութիւնը ոճի՛ր է մարդկութեան դէմ, հետեւաբար, ցեղասպանը, ըլլայ ան անհատ, կազմակերպութիւն թէ պետութիւն, պէտք է ներկայանայ միջազգային արդարութեան ատեանին»:
Եւ կ՛աւելցնէ:
«Միջազգային օրէնքը նաեւ կը շեշտէ թէ՝ ցեղասպանութեան ճանաչումը կ՛ենթադրէ հատուցում»:
Այսօր, մենք կը պահանջենք, որ աշխարհի բոլոր ազգերը ընդունին ցեղասպանութիւնը եւ նեցուկ կանգնին մեր արդար դատին:
Կ՛ակնկալենք բոլոր պետութիւններու ղեկավարներէն, որ գործակցին մեզի եւ ձեռք երկարեն մեր դատի լուծման ու մեր պահանջներու իրականացման:
Սակայն պահ մը մտածենք թէ՝
Ին՞չ կ՛ընենք մենք, որպէս հայ անհատներ ու ընտանիքներ:
Կը խօսի՞նք մեր մայրենի քաղցր լեզուն.
Կը պահե՞նք մեր աւանդութիւնները.
Կը կարդա՞նք մեր պատմութիւնն ու գրականութիւնը.
Մեզ յաջորդող սերունդներուն կը փոխանցե՞նք մեր մեծերէն մեզի հասած կտակը՝ հայեցի ամէն բան.
Եկեղեցի, դպրոց, կազմակերպութիւններ, միութիւններ, ընկերակցութիւններ եւ այլ մարմիններ կը փորձեն իրենց կարելին: Հայ դատի գրասենեակները մեղուներու պէս կը գործեն մեր դատն ու իրաւունքները ծանօթացնելու, լսելի դարձնելու եւ ի հարկին պահանջելու առ որ անկէներէն եւ թուրքիայէն.
Արամ Ա.Կաթողիկոս դարձեալ իր կոնդակին մէջ կը շեշտէ:
«Հայ դատը իւրաքանչիւր հայուն ու ամբողջ հայութեան դատն է, մեր նահատակներուն դատն է, մեր ապագայ սերունդներուն դատն է: Արդ, իւրաքանչիւր հայ կոչուած է իր ներդրումը կատարելու մեր իրաւունքներու վերատիրացման համահայկական ճիգին»:
Ուրեմն, սիրելի մայրեր, մեծ մայրեր եւ շատ սիրելի հայեր, եկէ՛ք մենք ալ կատարենք մեզի ինկած բաժինը՝
Ծառայելով, ժամանակ տրամադրելով, մասնագիտութեամբ, կամ նիւթական օժանդակութեամբ.
Ու, այն ատեն, միա՛յն այն ատեն, իրաւունք կ՛ունենանք մեր բազուկները բարձրացնելով՝ մեր թշնամիէն ու օտարէն պահանջելու ամէն բան, որ ՄԵՐՆ Է:
Շնորհակալութիւն