Ծնած է 1886ին, Շապին Գարահիսար։ Նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք Ծննդավայրի Մուշեղեան վարժարանին մէջ, զայն շարունակած է Սեբաստիոյ Որբանոց-Դպրոցէն ներս։ Այս վերջին հաստատութենէն շրջանաւարտ եղած է 1903ին։ Ծննդավայրը վերադառնալով, միացաւ ՀՅԴի շարքերուն, նուիրուեցաւ կուսակցական ու ազգային եռուն գործունէութեան մը, օսմանեան կառավարութեան ուշադրութիւնը գրաւելով եւ հետապնդումներու ենթակայ դառնալով։ Շուտով զգաց թէ ոստիկանական օղակը կը պրկուի իր շուրջ։ Ճողոպրելու համար խեղդիչ հետապնդումներէ, չվարանեցաւ նետուիլ Կիրասոն ու հոն, ինքզինք նետելով մակոյկի մը մէջ, յանձնուեցաւ Սեւ Ծովու համայնակուլ ալիքներուն, իյնալու համար Սոխում։ Հոն ծխական վարժարանին մէջ ժամանակ մը ուսուցչութիւն ընելէ ետք, անցած է Պաքու։ Սահմանադրուդրութեան հռչակումին , զինք կը տեսնենք Պոլիս, գլխիվայր մխրճուած կազմակերպութեան աշխախատանքներուն մէջ։ Յետոյ, կը վարէ Իբրանոսեանի Կեմլէյէկի վաճառատան տնօրէնութիւնը։ Այդ ատենուան բոլոր նուիրեալներուն նման, որքան անձնական գործերով, նոյնքան եւ աւելի կը զբաղի ազգային-կուսակցական գործերով, նետելով յեղափոխական զարթօնքին ու ազատագրութեան պայքարի պարարտ սերմերը։ Թրքական բարբարոսութիւնը վաղաժամ կերպով վերջ տուաւ ծաղկատի իր կեանքին, զինք Անգարա փոխադրելով ու կախաղան բարձրացնելով, որովհետեւ, իր սիրելի կուսակցութեան ճամբով, ծառայած էր ի խնդիր դատերու սրբագնագոյնին՝ Հայ Դատին։
Անահիտ Փօմաքեան, Արա եւ Սոնա Մատէնլեան, Արթօ Քէօլէեան