
Հրճուանքով կ՛ողջունեմ «Ասպարէզ»ի՝ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած այս բացառիկը եւ կը մաղթեմ որ այս յոբելեանը առիթ մը ըլլայ մեր հաւաքական զսպանակումին, աւելի ուժգին, միացեալ եւ կեդրոնացած ոգիով հետապնդելու համար մեր ազգային կոթողային իտէալներն ու տեսիլքները:
Դարե՜ր առաջ եւ այն օրէն ի վեր երբ Աստուած Նոյ Նահապետը առաջնորդեց ապահով տարածք մը «……եւ տապանը Արարատ լեռներուն վրայ նստաւ» (Ծննդոց 8: 4), հայ ժողովուրդը տքնեցաւ հողին վրայ, արիւնով եւ քրտինքով ոռոգեց զայն, արուեստ եւ մշակոյթ ստեղծեց, յղացաւ հանճար մը, որ նուիրեց ազգին իր եզակի ինքնութիւնը, ու շարունակեց ստեղծել ճառագայթող քաղաքակրթութիւն մը, յաղթահարելով յաճախակի հալածանքներն ու ասպատակումները:
20րդ դարու սեմին հայը անհիւրընկալ ժամադրութեան փորձառութիւն մը ապրեցաւ խաւարին հետ: Հազարաւոր տարիներ իր հայրենի օրրանին վրայ ապրող ժողովուրդ մը, վայրագօրէն եւ գազանային մոլուցքով, հնձուեցաւ իր պապենական հողին իսկ վրայ: Դժնդակ ճակատագիրը 1.5 միլիոն անմեղ ազգակիցներուս, արմատախիլ եղած դարաւոր պապենական տունէն եւ բնաջնջման առաջնորդուած սուրով, սովամահ կամ հիւանդութեամբ՝ տարագրուած անապատի կիզիչ աւազներուն վրայ, հեռու է մարդկային ամէն երեւակայութենէ:
Աւելի՛ն, այսօր մեր հաւաքական գիտակցութեան կորիզն են այն անգիտակից բիւր հազարաւոր զոհերը, որոնք բռնութեամբ դատապարտուեցան ապրիլ ընկերութեան մը մէջ եւ զգենուլ կրօնք մը, որ խորթ էր իրենց բնիկ նախնիներուն, երեւոյթ մը, որ ոչ միայն ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յիշատակին արժանի է, այլ եւ փաստն է դարէ մը ի վեր շարունակուող ցեղասպանութեան ոճիրին:
Հոգիս անհատնում չարչարող եւ մտքի տուայտանք եւ ցաւ պատճառող, նախնիքներուս անչափելի տառապանքն եւ անգութ ճակատագիրը հնարքն էր անպատիժ մնացած հրէշային խմբակի մը, որ անխպնելիօրէն ճանչցուած է որպէս Օսմանեան կայսրութեան պետութիւն՝ քսաներորդ դարու մուտքին:
Այսօր՝ ոճիրէն հարիւրամեակ մը ետք, երբ ցնծագին փառք կու տանք Աստուծոյ եւ կ՛ողջունենք մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրի մը զոհ ազգիս՝ մոխիրէն հրաշքով յառնող իրականութիւնը, կու գանք խոնարհիլ իրենց հաւատքն ու ինքնութիւնը ամուր պահած ըլլալնուն համար նահատակուող մեր անմեղ զոհերու յիշատակին առջեւ: Եւ տակաւին կ՛ուխտենք յաղթահարել ոճիրը կենսանորոգ ոգիով, յաւելեալ երգով ու պարով, յոյսով եւ հրճուանքով, ժպիտով եւ աղօթքով, իմացական վաստակի յուռթի ստեղծագործութեամբ եւ արդարութեան համար անմար պայքարի մը զսպանակուած կամքով եւ յանձնառութեամբ:
Խաղաղութի՛ւն մեր սրբազան նահատակներուն եւ փա՛ռք յարուցեալ մեր ժողովուրդի կենսանորոգ ոգիին:
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
Գործադիր Տնօրէն
ARMENIAN MISSIONARY ASSOCIATION OF AMERICA
Founded 1918